Ապստամբներու Երկիր

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

2010-ին Նիւ Եորքի մէջ հրատարակուեցաւ անգլիացի լրագրող Քրիսթոֆըր Տէ Պելաժի «Ռեպըլ լանտ» (Ապստամբներու երկիր) գիրքը, որուն դէպքերը տեղի կ՛ունենան 21-րդ դարու Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ:

2001-ին Պոլիս գործուղուած Տի Իքոնոմիսթ»-ի աշխատակից Տէ Պելաժ, «Նիւ Եորք Ռիվիու օֆ Պուքս» գրական ամսագրին մէջ լոյս կ’ընծայէ յօդուած մը, ուր կ’անդրադառնայ Օսմանեան կայսրութեան վերջալոյսի ժամանակահատուածին եւ Քեմալ Աթաթուրքի «ազգակերտման» գործին: Աթաթուրքը ներբողող յօդուածին մէջ Տէ Պելաժ կը գրէ, թէ 1915-ին «կէս միլիոն անատոլուցի հայեր սպաննուեցան»:

Թրքամէտ յօդուածին առաջին հակազդողը կ՛ըլլայ Միացեալ Նահանգներու Հարվըրտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի տնօրէն Ճէյմս Ռասըլ, որ հարցականի տակ կ’առնէ ջարդերու ընթացքին սպաննուած հայերուն թիւը խեղաթիւրող Պելաժի լրագրական եւ ակադեմական ուղղամտութիւնը` պատմական իրադարձութիւններու առնչութեամբ: Շուտով Ռասըլին կը ձայնակցին այլ օտար ակադեմականներ եւ լրագրողներ:

Հեղինակը կ’անդրադառնայ, որ քեմալապաշտութեան իր տարերքին մէջ երբեք խորաթափանցօրէն չէ ուսումնասիրած Հայկական հարցը եւ Ցեղասպանութեան թրքական տեսակէտին հակադրուող արխիւային աշխարհը: Տէ Պելաժ կ’որոշէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ցարդ արձանագրուած գրականութիւնը իւրացնել եւ վերադառնալ Թուրքիա ու գրել պատմական դէպքերուն իսկական վաւերագրական պատմութիւնը:

2005-ին վերադառնալով Թուրքիա` Տէ Պելաժ կը հաստատուի Վանի արեւմուտքը` Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին հիւսիսը գտնուող Վարդօ քաղաքը, ուր եւ սկիզբ կ՛առնէ անցեալի ու ներկայի միջեւ իրարու հանգուցուած պատմութիւններու շարան մը:

Վարդոյի մէջ կը հանդիպի իսլամացած հայուն, սիւննի քիւրտին, գըզըլպաշին, ալեւի թուրքին, սիւննի թուրքին, ասորիին… Կը հանդիպի Քիւրտ աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալին, թուրք ոստիկանին, ալեւի քաղաքական գործիչին, քիւրտ գործակալին, իսլամացած հայ քաղաքապետին: Արդի Թուրքիոյ իսկական ժողովրդագրական ու ցեղագրական խառնարանը ի յայտ կու գայ Թուրքիոյ հեռաւոր ու մոռցուած այս քաղաքին մէջ:

Տէ Պելաժի նկարագրած իւրաքանչիւր կերպար եւ անձնաւորութիւն իր ետին ունի գաղտնիք մը, դժնդակ անցեալ մը, անջնջելի յիշատակարան մը, եւ այս տիպարներուն ներաշխարհը պեղելով` Տէ Պելաժ լոյս աշխարհ կը բերէ Փոքր Ասիա կոչուած աշխարհագրական տարածքի պատմական եւ ցեղային հակամարտութեանց գորդեան հանգոյցը:

Այս գիրքով ընթերցողը մօտէն կը ծանօթանայ հանրապետական շրջանի Թուրքիոյ վերջին հարիւրամեակի պատմութեան, 1915-ի Մեծ եղեռնէն մինչեւ 1925-ի շէյխ Սայիտի ապստամբութիւն… մինչեւ ՔԱԿ-ի զինեալ պայքարի ժամանակաշրջան:

Հեղինակը մինչեւ իսկ հեռաւոր Գերմանիոյ մէջ կը փնտռէ վարդոցի ալեւիացած հայերու շառաւիղները, սակայն անոնք կը խուսափին հանդիպելէ իրեն հետ:

Հեղինակը լոյս աշխարհ կը բերէ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան Վարդոյի եւ մերձակայ շրջաններու քրտական տարբեր ցեղախումբերու հակամարտութիւնները, որոնք ժառանգականօրէն փոխանցուած են ներկայ սերունդներուն: Ուշադրութեան արժանի է գիրքին մէջ արձանագրուած գըզըլպաշ ցեղապետ Զէյնալի պատմութիւնը: Մեր կողմէն նշենք, որ Ռուբէն (Ռուբէն Տէր Մինասեան), գըզըլպաշներու հետ ՀՅԴ յարաբերութիւններուն անդրադառնալով` իր յուշերուն մէջ կը պատմէ Բիւրակնեան գըզըլպաշ խորըմընկ աշիրէթի ցեղապետ Զէյնալի մասին: Թրքական կառավարութեան կողմէ հալածուող Դաշնակցութեան սերտ գործակից Զէյնալ 1907-ին իր զինեալներով կը փորձէ անցնիլ Մուշ եւ միանալ Դաշնակցութեան ֆետայական խումբերուն, սակայն թրքական ուժեր խիտ շարքերով կը փակեն անոր ճանապարհը: Հետագային Զէյնալ դաւադրաբար կը սպաննուի:

Անցեալի դէպքերը չեն ջնջուած բնիկ վարդոցիներու յիշողութենէն, վրէժխնդրութիւնն ու փոխադարձ անհանդուրժողութիւնը տասնամեակներու ընթացքին ոչ թէ մեղմացած է, ընդհակառակը` աւելի սաստկացած:

Գիրքին մէջ լայն բաժին մը յատկացուած է Թուրքիոյ ուրուային պետութեան: Հեղինակը յստակ գիծերով կը վերլուծէ, թէ ինչո՛ւ ուրուային  պետութիւնը երբեք չի փափաքիր, որ իր աւարտին հասնի քրտական հարցը եւ ՔԱԿ-ի դէմ տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող զինեալ հակամարտութիւնը:

Տէ Պելաժ կը հաւատայ, որ Անգարա երբեք պիտի չյաջողի լուծել քրտական հարցը կամ անճիտել ՔԱԿ-ի ըմբոստութիւնը, որովհետեւ յաջորդող սերունդը պիտի շարունակէ պայքարիլ կառավարութեան դէմ: Իր այդ համոզումը հեղինակը կը բացատրէ փոխաբերական պատկերով մը. ան կը գրէ. «1990-ականներուն Բիւրակնեան լեռներու անտառներուն մէջ արձագանգեց ելեկտրական սղոցներու շաչիւնը: Թրքական բանակը կը սղոցէր անտառներուն ծառերը, որպէսզի ՔԱԿ-ի զինեալները զրկուին թաքստոցէ… սակայն տասնամեակ մը ետք կաղնիները ծլարձակած են եւ խիտ շարքերով վերստին հասակ առած` անտառին մէջ…»:

Գիրքի մէջ տեղ գտած մատենագիտութեան ցանկը կը փաստէ այն մասին, որ հեղինակը ուսումնասիրած է բազմաթիւ հայկական, թրքական, քրտական եւ օտար աղբիւրներ: Արխիւային նման լայնաշերտ տեղեկութիւններու օգտագործումը գիրքը վերածած է 20-րդ դարու Փոքր Ասիոյ ազգային խմբաւորումներու միջեւ առճակատման դէպքերը պատմող հանրագիտարանի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES