«Վեր. Ահարոն Սափսըզեան Եղաւ Մեծ Աստուածաբան Եւ Հայ Դատի Զօրեղ Պաշտպան» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երկուշաբթի, 4 յունիս 2012-ի առաւօտուն, Ժընեւի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնի մատրան մէջ տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը վեր. Ահարոն Սափսըզեանին: Հանգուցեալի ընտանիքին կողքին յուղարկաւորութեան ներկայ էին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը եւ պաշտօնէութիւնը, Զուիցերիոյ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ազգայիններ Զուիցերիոյ զանազան շրջաններէն:

Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս իր ցաւակցական գիրին մէջ, որուն ընթերցումը կատարեց կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յանձնախումբի փոխատենապետուհի Թենի Սիմոնեան, վեր. Ահարոն Սափսըզեանը ներկայացուց իբրեւ մեծ աստուածաբան, միջ-եկեղեցական շարժումի մասնագէտ եւ Հայ դատի քաջ պաշտպան:

Վեր. Սափսըզեանը ծնած է Հալէպի մէջ 1927 թուին Ցեղասպանութենէ վերապրած մարաշցի ծնողքէ եւ իր փոքր տարիքին ծնողքին հետ հաստատուած է Պրազիլի մէջ: Ան Պրազիլի մէջ հիմնած է Աստուածաբանական քոլեճներու միութիւնը. եղած է Լոնտոնի Աստուածաբանական ուսմանց հիմնադրամի Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի պատասխանատուն, ապա` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Աստուածաբանական ուսմանց բաժանմունքի տնօրէնը: Իր աստուածաբանական ու միջեկեղեցական աւելի քան 50 տարիներու վրայ տարածուած գործունէութեան առընթեր, վեր. Սափսըզեան հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման բերած է իր գործօն մասնակցութիւնը` հրատարակութիւններու եւ դասախօսութիւններու ճամբով թէ՛ Պրազիլի եւ թէ՛ Զուիցերիոյ մէջ: Ան մօտէն ճանչցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալները` Խորէն Ա., Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսները:

Իբրեւ գնահատանք իր ծառայութեան, շուրջ երկու տարիներ առաջ Արամ Ա. կաթողիկոս զինք պարգեւատրեց «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով:

 

Share this Article
CATEGORIES