ՀԲԸՄ-ի «Ահրամճեան» Կեդրոնին Մէջ Լիբանանի Մէջ Հրատարակուած Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

Կազմակերպութեամբ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի  խմբագրութեան ուրբաթ, 1 յունիս 2012 -ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, միութեան «Ահրամճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ  շնորհահանդէս` նուիրուած  Լիբանանի մէջ  հրատարակուած չորս գիրքերու:

Օրուան հանդիսավար տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեան իր բացման խօսքին մէջ հակիրճ կերպով  անդրադարձաւ  օրուան նպատակին, ապա  մատնանշեց «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին կատարած  մշակութանուէր նախաձեռնութիւնները, որոնք կը միտին տարածել մշակոյթ ու արուեստ, եւ հրամցնել գիր ու գրականութիւն, ինչպէս Ամանոսի շրջանի հայութեան, նոյնպէս միութենական  մշակոյթով հետաքրքիր անդամ-անդամուհիներուն:

Բացման խօսքին յաջորդեց շնորհահանդէսին արժանացած չորս գիրքերուն` Արմէն Դարեանի  «Մատեան բանաւոր խօսքի», Պեպօ Սիմոնեանի  «Ակնթարթներ», Զաւէն Մսըրլեանի «Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք» եւ Արմէն Յարութիւնեանի «Նամակներ Պէյրութէն» գիրքերուն ներկայացումները` հերթականօրէն:

Նախ բանաստեղծ եւ գրաքննադատ Սարգիս Կիրակոսեան ներկայացնելով Արմէն Դարեանի գիրքը, կարեւոր նկատեց արձակագիր Դարեանի տեղը լիբանանահայ գրականութեան մէջ մասնաւորապէս եւ հայ գրականութեան մէջ` ընդհանրապէս, շեշտելով հայրենասէր գրողին  հարուստ վաստակը եւ ձգած գնահատելի աւանդը, որ ուսանելի դասագիրք է ընթերցասէր հասարակութեան համար, իր ճաշակով ու բովանդակութեամբ, այսօր եւ վաղը:

Երիտասարդ բանաստեղծ եւ մտաւորական Խաչիկ Տէտէեան` իբրեւ երկրորդ զեկուցող,  ներկայացուց լիբանանահայ բանաստեղծ Պեպօ Սիմոնեանի գիրքը` միեւնոյն ժամանակ թուելով հեղինակին տարիներու մանկավարժական, հրապարակագրական եւ խմբագրական լուրջ աշխատանքները, որոնց միջոցով Պեպօ Սիմոնեան ծառայեց լիբանանահայ գաղութին` արժեւորելով իր վաւերական տեղը լիբանանահայ ու ընդհանրապէս հայ գրականութեան մէջ:

Երրորդ խօսողն էր ծանօթ խմբագիր ու հրապարակագիր  Պարոյր Աղպաշեան, որ ներկայացուց պատմագէտ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի պատմավաւերագրական գիրքը, որ արդիւնք է տարիներու տքնաջան  ու հետամուտ աշխատանքի: Ան  մեծապէս կարեւոր նկատեց  պատմագէտ Մսըրլեանի կատարած ազգանուէր աշխատանքները, որոնք հիմնուած ըլլալով  տրամաբանական տուեալներու  եւ  փաստացի տեղեկութիւններու վրայ, կը հանդիսանան  թանկագին արժէք` պահանջատիրութեան հոլովոյթին մէջ:

Սուրիահայ հանրածանօթ մտաւորական տոքթ. Թորոս Թորանեան` իբրեւ վերջին զեկուցող,  ներկայացուց Արմէն Յարութիւնեանի  նամակներու հաւաքածոն` անդրադարձ կատարելով անոր լիբանանահայ մամուլի մէջ հրապարակած հրապարակագրական յօդուածներուն, երբեմն քննադատող  նամակներուն, որոնք կը բխին միայն ու միայն ազգային նախանձախնդրութենէ` փափաքելով տեսնել կատարեալը ազգային կառոյցներուն մէջ:  Ան նաեւ գնահատեց հեղինակին հայ գիրն ու գրականութիւնը մնայուն ձեւով գնահատող ճիգը եւ կատարած դրական աշխատանքը  այդ ուղղութեամբ:

Իւրաքանչիւր  գիրքի ներկայացումին յաջորդեց ընթերցում համանուն գիրքէն. ընթերցումները կատարեցին Անժել Միսիսեան եւ Սօնիա Տեկիրմենճեան:

Գիրքերու ներկայացման եւ անոնց ընթերցումերուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր, ուր հանդէս եկան Նժդեհ Պոտրումեան (երկու երգ) Նանօր Մաճարեան (դաշնակ ու երգ):

Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին խօսք առաւ «Խօսնակ» ամսագրի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան: Ան ամփոփ գիծերու մէջ բացատրեց  գեղարուեստական գրականութեան սեռի զոյգ երկերուն (Արմէն Դարեան ու Պեպօ Սիմոնեան), պատմագիտական արժէք ներկայացնող հատորին (Զաւէն Մսըրլեան) եւ նամակագրական բնոյթ կրող գիրքին (Արմէն Յարութիւնեան) հաւաքական «մկրտութեան»  պարագան ու պատճառը` գնահատելով ու շնորհակալութիւն յայտնելով նախ յարգարժան հեղինակներուն, ապա զանոնք ներկայացնող  արժանաւոր մտաւորականներուն, ինչպէս նաեւ յայտագիրի մասնակիցներուն ու ներկայ մշակութասէր հայ հասարակութեան: Ան շարունակելով իր խօսքը ըսաւ. «Ճիշդ է, որ կը հպարտանանք Վարուժանով, կ՛անուշնանք`  Մեծարենցով, կը տխրինք` Դուրեանով ու կը զգաստանանք` Թէքէեանով… սակայն  պէտք է  բարձրաձայն յայտարարենք, որ մենք` լիբանանահայ  գրասէրներս ու մշակութասէրներս,  իրաւունք ունինք հպարտանալու նաեւ մեր  ներկայ մտաւորականներով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES