Տեսակէտ. Եգիպտական Յեղափոխութեան Ողբերգութիւնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Շաբաթ օր Գահիրէի մէջ դատարան մը Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքն ու անոր արտաքին գործոց նախարար Հապիպ Ատելին ցկեանս բանտարկութեան դատապարտեց, իսկ Մուպարաքի երկու որդիներն ու ապահովական մարմիններու վեց ղեկավարները անպարտ հռչակեց: Մուպարաք եւ իր որդիները նաեւ փտածութեան ամբաստանութիւններէն անպարտ հռչակուեցան:

Եգիպտոսի նախկին նախագահն ու անոր օգնականները մահապատիժ կը դիմագրաւէին, եւ դատարանին ճշդած մեղմացուած պատիժը Եգիպտոսի տարածքին զայրոյթ յառաջացուց մասնաւորաբար այն ազատական ուժերուն եւ շրջանակներուն մէջ, որոնք Եգիպտոսի յունուարեան յեղափոխութեան կազմակերպիչներն ու մղիչ ուժն էին: Անոնք էին, որ ի գին բազում զոհերու եւ զոհողութեանց բուռն պայքար մղեցին` պահանջելով Մուպարաքի եւ անոր վարչակարգի տապալումը:

Նշեալ ազատական եւ երիտասարդ ուժերը թէեւ յաջողեցան Մուպարաքն ու անոր օգնականները իշխանութենէ հեռացնել, սակայն խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ իսլամական ուժերուն կողմէ ջախջախիչ պարտութիւն մը կրեցին: Աւելի՛ն. օրէնսդիր իշխանութեան մակարդակի վրայ իրենց արձանագրած ձախողութենէն ետք, անոնք նաեւ գործադիր իշխանութեան մակարդակին վրայ ձախողութիւն արձանագրեցին, որովհետեւ այսօր երկրի նախագահութեան ընտրութեան երկրորդ հանգրուանի մրցակիցներն են նախկին վարչակարգի ներկայացուցիչներէն Ահմետ Շաֆիքը եւ Իսլամ եղբայրներու թեկնածու Մոհամետ Մուրսին:

84-ամեայ եւ վատառողջ Մուպարաքի դէմ ցկեանս բանտարկութեան վճիռը, ինչպէս նաեւ անոր որդիներուն ու օգնականներուն անպարտ հռչակումը հեգնական վճիռ մը եւ պահանջուած մահապատիժի մեղմացում մը ըլլալու կողքին նաեւ երիտասարդական ազատական շարժումին կատարեալ պարտութեան ու եգիպտական յեղափոխութեան ձախողութեան հռչակումն էր` «այն վերջին շիւղը, որ ուղտին կռնակը կոտրեց»:

Ահա թէ ինչո՛ւ Եգիպտոսի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերը պահանջներու բարձրաձայնումէն աւելի յուսախաբութեան, պարտութեան փաստի մերժումի եւ պատմութեան լիրբ խաղին դէմ զայրոյթի արտայայտութիւն մըն են: Իրերու ներկայ կացութեան լոյսին տակ եգիպտական յեղափոխութեան մղիչ ուժերն ու անոնց համակիրները այսօր կանգնած են` 1) նախագահական թեկնածուներէն մէկուն կամ միւսին զօրակցելու, 2) նախագահական ընտրութիւնը խանգարելու, 3) քաղաքացիական պատերազմի ձեռնարկելու, 4) նախագահական ընտրութիւնները պոյքոթի ենթարկելու անձնատուական քայլին դիմելու ընտրանքներուն առջեւ: Ընտրանքներ, որոնք բոլորն ալ ժխտական ու անախորժ են եւ կու գան արձանագրուած ողբերգութիւնը ընդգծելու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES