«Եւրոպան Եւրոն Փրկելու Համար Երեք Ամիս Ժամանակ Ունի» Կ՛ըսէ Ճորճ Սորոս

«Մարքեթ Ուաչ» կը հաղորդէ, որ Ճորճ Սորոս եւրոյի շուրջ իր հերթական նախատեսութիւնները կատարած է: Ան իտալական Թրենթօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող տնտեսական փառատօնի ժամանակ յայտնած է, որ Եւրոպան եւրոն փրկելու համար երեք ամիս ժամանակ ունի:

«Երեք ամիսէն շուկաները պիտի յոգնին սպասելէն: Շատ աւելին պիտի սկսին պահանջել, սակայն իշխանութիւնները պիտի չկարենան բաւարարել անոնց պահանջը», ըսած է Սորոս:

Ըստ միլիառատիրոջ նախատեսութեան, Յունաստանի մէջ ճգնաժամը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի աշնան, իսկ 17 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւնները այդ երկրին մէջ պիտի անցնին «Եւրոպական Միութենէն վտարուելու վախի տակ», իսկ անոնց մէջ պիտի յաղթեն վարկատուներու պահանջները կատարելու պատրաստ քաղաքական ուժերը: Սակայն Յունաստանի մէջ ի՛նչ իշխանութիւն ալ ստեղծուի, անիկա պիտի չկարենայ այդ պահանջները կատարել` այդպիսով դառնալով աշնանային ճգնաժամի պատճառ:

Սորոս վատ նախատեսութիւններ կատարած է նաեւ Գերմանիոյ համար: Ըստ անոր, աշնան «վարչապետ Մերքելին համար շատ դժուար պիտի ըլլայ գերմանացիները համոզել իրենց վրայ որոշ եւրոպական պարտաւորութիւններ վերցնել»:

Բայց եւ այնպէս, Սորոս եւրոյի համար լաւատեսական արդիւնք նախատեսած է. «Եւրոյի գոյատեւման հաւանականութիւնը մեծ է, որովհետեւ միասնական դրամանիշի կործանումը բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ ոչ միայն եւրոյի գօտիին մէջ երկրորդական երկիրներու, այլ նաեւ Գերմանիոյ համար»:

 

Share this Article
CATEGORIES