Իսրայէլի Մէջ Քարիւղի Եւ Կազի Մեծ Պաշարներ Յայտնաբերուած Են

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ թեքսասեան «Ռայտըր Սքոթ» ընկերութիւնը Հայֆայի մերձակայ Փելակիք հանքին մէջ հետազօտութիւն կատարելէ ետք հրապարակած է զեկուցում մը, ըստ որուն, Իսրայէլ կրնայ շուրջ 1.5 միլիառ տակառ քարիւղ արտադրել:

Ըստ փորձագէտներու, նշեալ հանքը 189 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ եւ 1.4 միլիառ տակառ քարիւղ կը պարունակէ: Հանքը Իսրայէլի ծովափէն 170 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:

Իսրայէլի ուժանիւթային հարստութեանց կազմակերպութեան ղեկավար Ռոնի Հելման այս առիթով տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ Փելակիքը, այս հետազօտութենէն ետք, իր մեծութեամբ Իսրայէլի երրորդ կազի հանքը կը դառնայ: Իսկ գտնուած կազի ծաւալը տասնամեակներով կ՛երաշխաւորէ Իսրայէլի ուժանիւթային ապագան եւ իսրայէլեան կազի արտահանումը կարելի կը դարձնէ:

Իրողութիւն մը, որ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ բարձր աշխատավարձով հազարաւոր աշխատատեղիներու հեռանկար կը ստեղծէ: Կը հաղորդուի, որ փորձառական շահագործման աշխատանքները սկսած են:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES