Եւրոպական Միութիւնն Ու Ռուսիան Անանի Ծրագիրը Սուրիոյ Համար Լաւագոյն Առիթը Կը Նկատեն
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման ֆոն Ռոմփույ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Եւրոպական Միութիւն-Ռուսիա վեհաժողովի աւարտին յայտարարեց, որ Ռուսիա եւ Եւրոպական Միութիւնը համաձայն են, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրը «Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմէն խուսափելու եւ Սուրիոյ մէջ բռնարարքի ոլորապտոյտը խզելու լաւագոյն ձեւն է»:
Ան աւելցուց, որ «անհրաժեշտ է այդ մէկը իրագործելու համար մեր ջանքերը միացնենք»` նշելով, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը ահաւոր է եւ պէտք է Անանի ծրագիրին հետեւելով բոլոր տեսակի բռնարարքները դադրեցնել:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Մոսկուա Սուրիոյ տագնապին մէջ եմէնեան դիպաշարը չի բացառեր»` նշելով, որ «այդպիսի միջոց մը կարելի է Սուրիոյ համար քննարկել»: Ան նշեց, որ Մոսկուա ազգային համաձայնութեան իրագործումին եւ փոխանցման հանգրուանի պայմաններուն շուրջ համաձայնութեան գոյացման կը զօրակցի:
Պոկտանով ըսաւ, որ Ռուսիա Սուրիոյ մէջ ներկայ դէպքերուն նկատմամբ իր կեցուածքը պիտի ճշդէ միայն Անանի առաքելութեան արդիւնքները ստանալէ ետք` ընդգծելով, որ «Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Անանի հետ մնայուն կապի մէջ է»:
Պոկտանով հաստատեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը շատ բարդացած է եւ «որեւէ բարելաւում չ՛արձանագրեր», սակայն կարեւոր նկատեց, որ դէպքերը միակողմանի վճիռներով չկանխուին: Ան նշեց, որ Մոսկուա պատրաստ է Հուլայի ջարդին շուրջ հետաքննութիւն կատարելու համար Անանի պատուիրակութեան տրամադրելու քրէական օրէնքի մասնագէտներ, եթէ Անան այդ մէկը պահանջէ:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լիու Մին յոյս յայտնեց, որ Հուլայի ջարդերուն շուրջ հետաքննութիւնը «արդար եւ ճշգրիտ» ըլլայ: Ան նշեց, որ ներկայ կացութեան մէջ միջազգային ընտանիքը պէտք է Անանի կատարած ջանքերուն զօրակցի եւ Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու պատուիրակութեան աջակցի, որպէսզի Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերէն բռնարարքները «կարելի եղածին չափ շուտ դադրեցուին»:
Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Միքայիլ Շփինտըլեկըր Լա Հէյի Միջազգային քրէական դատարանին կոչ ուղղեց Հուլայի ջարդէն ետք Սուրիոյ կացութեամբ զբաղելու` նոյն ատեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջելով Սուրիոյ հարցը նշեալ դատարանին փոխանցել:
Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ ներկայ կացութիւնը, «Հուլայի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր ջարդէն ետք», շեշտակի կերպով քաղաքայիններու, մասնաւորաբար կիներու եւ մանուկներու պաշտպանութիւն կը պահանջէ:
Աւստրիոյ դիւանագիտութեան պետը կոչ ուղղեց մարդկութեան դէմ ոճիրներու մասնակիցները պատժելու` այս առումով նշելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ անզէն քաղաքացիներու դէմ գործուած վայրագ արարքներուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը պէտք է կրէ:
Միւս կողմէ, «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անան Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին անհրաժեշտ նկատած է, որ միջազգային ընտանիքը իր ծրագիրին աւելի զգալի աջակցութիւն ցուցաբերէ եւ այլ ծրագիր մը մշակէ:
Անան պահանջած է լրջօրէն վերատեսութեան ենթարկել Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան կանխարգիլման ջանքերը: «Ջանքերու լուրջ վերատեսութեան ժամանակը կը մօտենայ, եթէ անիկա տակաւին չէ եկած: Միջազգային ընտանիքը պէտք է որոշէ, թէ ասկէ ետք ի՛նչ պիտի ընէ: Ես յստակ կերպով կը հասկնամ, որ այլեւս այսպէս շարունակել կարելի չէ», յայտարարած է ան:
ՄԱԿ-ի դիւանագէտներէն մէկը յայտնած է, որ «Անան իր պարտութիւնը պիտի չընդունի: Անոր իւրաքանչիւր խօսքը մանրամասն կերպով ծանր ու թեթեւ կը կատարուի: Այն բանէն ետք, երբ բոլորը` Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Ռուսիա, ընդունեցին անոր ծրագիրը, անոնք Անանի բոլոր արտայայտութիւններուն կը հետեւին եւ կրնան պատգամները տեսնել»:
Իսրայէլեան «Տեպքա» վերլուծական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Անգարա սուրիացի ընդդիմադիրներուն նկատմամբ իր վերաբերմունքը 180 աստիճանով փոխած է: Կայքէջը կը հաղորդէ, որ Անգարա, որ 14 ամիս շարունակ սուրիացի ընդդիմադիրներուն կը սատարէր, Սուրիոյ հարցին մէջ սկսած է Ռուսիոյ վարած քաղաքականութեան նմանիլ: 31 մայիսէն ի վեր Սուրիական ազատ բանակին արգիլուած է թրքական տարածքներէն Ասատի վարչակարգին դէմ գործողութիւններ կատարել:
Նշենք, որ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կիրակի օր հաղորդած էր, որ սուրիական կողմը վերաբացած է վեց ամիսէ ի վեր փակուած Թուրքիոյ հետ Թել Ապիատ սահմանային անցքը, որ կը գտնուի Ուրֆայի նահանգին մէջ գտնուող Աքաքալի գիւղին մօտ:
Կայքէջը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այդ օրը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի` Սուրիոյ տագնապին առնչութեամբ կատարած յայտարարութեան վրայ: «Մենք ո՛չ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին, ո՛չ Սուրիոյ կառավարութեան զինեալ պայքարի կոչ ուղղած ենք: Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու իրաւունքը սուրիացի ժողովուրդին կը պատկանի: Ասատ պէտք է հեռանայ, եթէ ժողովուրդը ատիկա կը փափաքի», ըսած էր Տաւութօղլու:
«Տեպքա» անոր խօսքերը նմանցուցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Սուրիոյ վարչակարգը տապալելուն ուղղուած զինեալ պայքարի, արտաքին միջամտութեան եւ տնտեսական պատժամիջոցներու մասին խօսքերուն:


