Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Լակոսի մէջ ջախջախուած նիկերիական օդանաւին մէջ կը գտնուէին երկու լիբանանցիներ` Նետին Շիտիաք եւ Ռոժէ Աուատ:
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ հինգշաբթի օր` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի: Նշենք, որ կառավարութեան նիստը մէկ օրով յետաձգուած է:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնն ու ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Դատական խորհուրդէն պահանջած են ստանալ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մարզին բոլոր տեղեկութիւնները: Այդ պատճառով ալ Դատական իշխանութեան խորհուրդը պիտի գումարէ նիստ մը` քննարկելու համար այդ պահանջը:
ԶՈՒՔ Մուսպեհի քաղաքապետ Շարպել Մերհեպ յայտնեց, որ Զուքի ոստիկանատան դիմաց գտնուող ճամբան պիտի մնայ փակ, մինչեւ որ Զուքի բնակչութեան յանձնուի փաստաթուղթ մը, որ այդ շրջանին մէջ աղիւսի գործարան մը պիտի չբացուի:
ԱՊՊՈՒՏԻԷԻ եւ Արիտայի միջազգային ճամբան երէկ դարձեալ փակուեցաւ, երբ Նահր Քեպիրի մէջ գտնուեցաւ Ատնան Մ.-ի դիակը:
ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը` աւելցնելով, որ Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնը պիտի կատարուի ճշդուած թուականին, այսինքն` 11 յունիսին:
«ԱՅՆՔԱՆ ատեն որ խորհրդարանին մէջ քաղաքական ուժերու մեծամասնութիւն գոյութիւն ունի, ապա կառավարութիւնը կայ եւ կը գոյատեւէ իր աշխատանքներուն մէջ», ըսաւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ 2012-ի պետական պիւտճէի ծրագիրի եւ ելեւմուտքի թղթածրարին վաւերացումը:
ՀՈԳԵՒՈՐ աղբիւրներու համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցութեան մերժումը Պքերքէի կողմէ անխոհեմ քայլ մը կը նկատուի:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ Տորի Շամուն յայտնեց, որ Լիբանանի խաղաղութեան եւ պատերազմի որոշումը պէտք է լիբանանեան պետութեան մօտ ըլլայ եւ ոչ թէ սէյիտ Նասրալլայի հանրապետութեան:
ՀԱԼԷՊԻ մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւնները դրական կերպով կ՛ընթանան: Այս ծիրին մէջ, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ առեւանգուածները ազատ արձակելու բանակցութիւնները:
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ աշխատանքի ընթացքը բարելաւելու նպատակով քաղաքական տարբեր հեղինակութիւններու կողմէ ճիգեր ի գործ կը դրուին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, անցնող քանի մը օրուան ընթացքին 13 հազար սուրիացի բանուորներ ուղղուած են Սուրիա եւ անոնցմէ 6 հազարը միայն վերադարձած են Լիբանան:
ԺԱԼ ԷԼ ՏԻՊԻ մէջ նոր կամուրջի մը շինութիւնը պահանջող շրջանին բնակչութիւնը երէկ յայտարարեց, որ իր բողոքի ցոյցը յետաձգած է յառաջիկայ 10 յուլիսին:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա Լոնտոնէն վերադարձաւ Լիբանան:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ հոսանք կուսակցութեան նախագահ Շաքեր Պըրժաուի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան հակակշիռը պէտք է վերադարձնել Թարիք Ժտիտէ` աւելցնելով, որ եթէ իրենք փափաքին, ապա նուազ քան մէկ ժամէն կրնան տիրել Պէյրութի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի կեդրոններուն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Անուար Խալիլ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն ընդառաջելու Լիբանանի ազգային երկխօսութեան նիստին:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ մեկնեցաւ Ռուսիա, ուր պիտի մասնակցի ապահովական հարցերու վերաբերող միջազգային հանդիպումի մը:
Եռօրեայ այս հանդիպումը պիտի սկսի մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ վաղը` 6 յունիսին: Շարպել յայտնեց, որ այս հանդիպումի հրաւէրին ընդառաջելը կը միտի երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ առանց Հըզպալլայի գիտակցութեան, խոհեմութեան եւ որդեգրած քայլերուն, Լիբանան մխրճուած էր քաղաքացիական պատերազմի մէջ: Ան աւելցուց, որ Լիբանան պարտական է Դիմադրութեան:

