Վարչապետ Միքաթի Այցելեց Ռայի Պատրիարքին
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Շուրջ կէս ժամ տեւած դռնփակ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռայի պատրիարքին Միացեալ Նահանգներ կատարած հովուապետական այցելութեան արդիւնքները:
Վարչապետ Միքաթի եւ Ռայի պատրիարք հաստատեցին Ազգային երկխօսութեան նիստ մը կայացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ խորհրդակցութիւնները եղած են անկեղծ եւ դրական: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին կողմէ կառավարութեան նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար եւ աւելցուց, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ նկատմամբ չէզոք կեցուածքը շարունակել` Լիբանանը փրկելու համար որեւէ վտանգէ:
Միքաթի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն մասնակցելու Ազգային երկխօսութեան նիստին:
Հանդիպումէն ետք վարչապետը դարձաւ Պքերքէի ընթրիքի հիւրը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան աշխատանքները բարելաւելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ իսլամական ձերբակալեալները դատավարութեան ենթարկելու առումով օրինական որոշումներ պիտի տրուին:
Ան աւելցուց, որ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին նշանակումները յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ այդ նշանակումները կարիքը ունին կառավարութեան որոշումին: Ան շեշտեց նաեւ, որ աւելի ուշ կարելի պիտի ըլլայ նշանակել Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահը:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեցին նաեւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտին եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ:
Քարամէի ներկայութեան վարչապետ Միքաթի դրուատեց նախանցեալ երեկոյեան Մարզական աւանին մէջ տիրած մարզական ոգին եւ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին Ասիոյ գօտիի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցած Լիբանան – Քաթար մրցումը:
Վարչապետ Միքաթի շնորհաւորեց Քաթարի յաղթանակը եւ դրուատեց Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին խաղարկութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի ողջունեց նաեւ լիբանանցի քաղաքակիրթ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ գնահատեց ապահովական ուժերուն կողմէ որդեգրուած միջոցառումները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան աշխատանքը աւելի հեզասահ դարձնելու կարելիութիւնները:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին: Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Պաալպեքի միւֆթի Խալետ Սոլհ:


