Լորան Ֆապիուս Ողջունեց Նախագահ Սլէյմանի Երկխօսութեան Հրաւէրը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար  Լորան Ֆապիուս դատապարտեց Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած արիւնալի բախումները եւ կոչ ուղղեց լիբանանցի ղեկավարներուն պատասխանատուութեան հոգիով մօտենալու այդ հարցին:

Միւս կողմէ, Ֆապիուս ողջունեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն օրինակելի դերակատարութիւնը` ընդգծելով, որ ապահովութեան ուժերը միակ իրաւասու կողմերն են զէնք ունենալու:

Ֆապիուս գնահատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախաձեռնութիւնը` յառաջիկայ 11 յունիսին լիբանանցի քաղաքական ուժերուն ղեկավարները երկխօսութեան հրաւիրելու առումով:

Ֆապիուս նաեւ նկատել տուաւ, որ ազգային երկխօսութիւնը երկրին ներկայ լարուածութիւնը հանդարտեցնող միակ լուծումն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES