ԺԻՒՏՕ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՉԱՓԱՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱԽՈՅԵԱՆ
Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Դաւիթ Խիթարեան երէկ կատարած իր մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ նախանցեալ օր Թեսաղոնիկէի մէջ (Յունաստան) Անդրանիկ Չափարեան բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով, Եւրոպայի բաժակի մրցաշարքի 73 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ ախոյեան:
60 քկ դասակարգին մէջ Արսէն Թովմասեան բաւարարուեցաւ 5-րդ դիրքով:
Հայաստանի համար պրոնզէ մետալներ ապահովեցին Վահագն Յովսէփեան եւ Արսէն Ղազարեան:
CATEGORIES Մարզական