«ՆԱՅՔԻ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՎԱԶՔԻ ՄՐՑՈՒՄ` ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. ԼՈՌԻ ԹԱՇՃԵԱՆ ԵՒ ԿՐԵԹԹԱ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ԱՌԱՋԻՆ
Կազմակերպութեամբ «Նայքի» ընկերութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի Աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, շաբաթ, 9 ապրիլին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցան վազքի մրցումներ` տարբեր տեսակի դասակարգերու եւ տարիքներու մէջ:
Աղջկանց 17 տարեկանէն վար 400 մեթր վազքի մրցումներուն, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտ Լոռի Թաշճեան, որ մաս կը կազմէ Շանվիլ ակումբին, 1 վայրկեան եւ 2 երկվայրկեան արդիւնք մը արձանագրելով հանդիսացաւ առաջին: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւողը` Սարա Աուալի, արձանագրեց 1′ 3″ արդիւնք մը:
Աղջկանց 18 տարեկանէն վեր 400 մեթր դասակարգի մրցումներուն, Կրեթթա Թասլաքեան («Էն. Տի. Եու.» համալսարան եւ «Ինթըր Լեպանոն»), հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 57 երկվայրկեան արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւողը` Սարիա Թրապըլսի, արձանագրեց 1 վայրկեան արդիւնք մը:
Ասկէ բացի, Կրեթթա 100 մեթր վազքի մրցումներուն եւս հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 12 երկվայրկեան արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Մահա Մաալլեմ (Անսար, 12″ 4):