Ղոսըն. «Պէտք Է Վստահիլ Երկխօսութեան Եւ Համախմբուիլ Լիբանանեան Բանակին Շուրջ»
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն յայտնեց, որ լիբանանցիներուն կողմէ լիբանանեան բանակին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութիւնը զայն դարձուցած է ազգային հզօր ամրոց մը, որ երբեք չ՛ազդուիր բաժանումի եւ լարուածութեան հովերէն:
Ղոսըն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին ամբողջ տարածքին իր պարտականութիւնները կը կատարէ, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի մէջ:
Ղոսըն նշեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւններէն կը պահանջուի օժանդակել բանակին գործունէութեան եւ վերջ տալ անոր աշխատանքը արգելակող բոլոր խոչընդոտներուն:
Ղոսըն ողջունեց զինեալները քաղաքական հովանաւորութենէ զրկելու որոշումը` աւելցնելով, որ այդ քայլը կը միտի ապահովական կայունութիւնը վերադարձնել Թրիփոլիին:
Ղոսըն կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն վերադարձնելու ազգային երկխօսութեան նկատմամբ վստահութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել համայնքային ու յարանուանական բոլոր տարակարծութիւնները եւ նեցուկ կանգնիլ բանակին` առանց զայն քաղաքական այս կամ այն հարցերուն ենթակայ դարձնելու:

