«Լիբանանցիներուն Միջեւ Բոլոր Հարցերը Իսկական Երկխօսութեամբ Կարելի Է Լուծել» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հանգստութիւն յայտնեց Թրիփոլիի մէջ վերստին տիրած խաղաղութեան առիթով եւ դրուատեց լիբանանեան բանակին ու ապահովութեան ուժերուն որդեգրած ապահովական միջոցառումները` Լիբանանին մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու առումով:
Նախագահ Սլէյման միաժամանակ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն դասեր քաղելու ապահովական խախտումներէն եւ զինեալ բախումներէն:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու կարեւորութիւնը եւ բոլոր մտահոգութիւնները ներկայացնելու ու բաժնելու անհրաժեշտութիւնը` Լիբանանը պահպանելու եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու նպատակով:
«Լիբանանցիներուն միջեւ բոլոր հարցերը իսկական երկխօսութեամբ կարելի է լուծել», շեշտեց նախագահ Սլէյման:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ, յատկապէս զբօսաշրջիկներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու միջոցառումները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ, որ գնահատեց նախագահ Սլէյմանի կողմէ լիբանանեան քաղաքական տարբեր կողմերուն յղուած երկխօսութեան հրաւէրը:
Էխհորեսթ շեշտեց Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը` զօրակցելու լիբանանեան հաստատութիւններուն, յատկապէս` լիբանանեան բանակին եւ բարեկարգչական բոլոր ծրագիրներուն:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկրին ապահովական կայունութիւնը, յատկապէս բանակի հրամանատարութեան որդեգրած միջոցառումները` Թրիփոլիի մէջ:


