Թրիփոլիի Մէջ Կը Տիրէ Սուգով Համակուած Զգուշաւոր Հանդարտութիւն
Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումները երէկ վերջ գտան` շրջանին մէջ պարտադրելով զգուշաւոր հանդարտութիւն մը, որ համակուած էր սուգով:
Զոյգ շրջաններուն մէջ կրակոցները դադրեցան, սակայն երկու շրջաններուն մէջ ալ տիրական եւ ինքզինք պարտադրող եղաւ մտահոգութիւնը` բախումներուն դարձեալ բռնկումին վերաբերեալ:
Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ արձանագրուած զինեալ միջադէպերուն պատճառով ծանրօրէն վիրաւորուած երկու քաղաքացիներ երէկ մահացան:
Նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան Թրիփոլիի Ազմի փողոցին մէջ «Պաայթի» վաճառատունը պայթեցաւ ականով մը: Այդ վաճառատան տէրը ալեւի համայնքին կը պատկանի:
Միքաթիի Մօտիկ Աղբիւրներ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ ընդգծեցին վարչապետին ջանքերուն կարեւորութիւնը` ապահովութիւնը խախտող կողմերէն քաղաքական հովանաւորութիւնը վերցնելու եւ Պապ Թըպպանէի ու Ժապալ Մըհսենի անվտանգութիւնը բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն վստահելու առումով:
Միւֆթի Շաար
Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անկէ խնդրեց մասնակցիլ Թրիփոլիի արիւնալի դէպքերը կասեցնելու խորհրդակցութիւններուն ու ջանքերուն:
Շաար հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ` շեշտելով որ Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը խիստ մերժելի է:
Միւֆթի Շաար ընդգծեց, որ պահանջուածը այն է, որ լիբանանեան բանակը եւ ապահովութեան ուժերը ամուր բազուկով հարուածեն Թրիփոլիի մէջ` աւելցնելով, որ իրենք բանակին նկատմամբ մեծ եւ բացարձակ վստահութիւն ունին:
Նեպիհ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ անհրաժեշտ է ճամբաները բանալ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դիմաց, որպէսզի անոնք կարենան պահպանել այդ շրջանը եւ արգիլել անոր ապահովութիւնը խախտելու եւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը խաթարելու քայլերը:
Ի վերջոյ զինեալ բախումներն ու կրակոցները ոչ ոքի պիտի ծառայեն եւ տուժողը երկիրը պիտի ըլլայ:
Շաքիպ Քըրթպաուի
Արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կացութիւնը կրնայ իր հակակշիռին տակ առնել, սակայն պայմանաւ որ անոր քաղաքական հովանաւորութիւն ապահովուի:
Ֆայսալ Քարամէ
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը Թրիփոլիի մէջ իր իշխանութիւնը պէտք է պարտադրէ` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի մէջ տիրող ներկայ հանդարտութիւնը զգուշաւոր է, որովհետեւ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ բախումներուն դրդապատճառները կը մնան առկայ, իսկ զէնքը տակաւին կը գտնուի այդ շրջաններուն բնակչութեան մօտ:
«Անհրաժեշտ է Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակին իսկական տեղակայումը ապահովել, գործելու առիթ տալ բանակի գաղտնի սպասարկութեան, ինչպէս նաեւ շրջանը բարգաւաճեցնել», ըսաւ Քարամէ:
Ռիֆաաթ Իտ
Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ յայտնեց, որ իրենք կառչած պիտի մնան բանակին ու ապահովական ուժերուն որդեգրած ապահովական ծրագիրին եւ խախտումներ պիտի չգործեն:
Ահմետ Քարամէ
Պետական նախարար Ահմետ Քարամէ ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է վերջնական լուծում մը շնորհէ Թրիփոլիի տագնապին եւ ձերբակալէ զինեալները, որոնք ծանօթ են իրենց անուններով եւ անոնց գտնուած վայրերը յստակ են:
«Մենք կը փափաքինք, որ բանակը իր ամբողջական պատասխանատուութիւնը ստանձնէ», ըսաւ նախարար Քարամէ:
Մուսթաֆա Ալլուշ
Մուսթաքպալ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ ինք լաւատես չէ Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութեամբ: Ան աւելցուց, որ սուրիական յստակ որոշումներ կան Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը պայթեցնելու` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակի պատասխանատուներ ուղղակիօրէն առնչուած են սուրիական վարչակարգին:
Ալլուշ դիտել տուաւ, որ Թրիփոլիի կացութիւնը բարդ է եւ այդ տագնապին լուծում մը գտնելը մօտալուտ չէ: «Թրիփոլիի տագնապը կը լուծուի այն ժամանակ միայն երբ ապօրինի զէնքը շրջանէն հաւաքուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ մէկը կարելի է իրականացնել սուրիական վարչակարգին վերացումով:
Ալլուշ յայտնեց, որ Պապ Թըպպանէի շրջանը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի զոհն է:
Հակազդեցութեան Ալիք` Մուսթաքպալի Պլոքէն
Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կառավարութիւնը պատասխանատու նկատեց Թրիփոլիի միջադէպերուն եւ զինեալ բախումներուն:
Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ կարգ մը կողմեր կը միտին հարուածել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: Ան նշեց, որ Թրիփոլին թիրախ դարձած է սուրիական վարչակարգին կողմէ` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի մէջ Սուրիական ազատ բանակի կռուողներ չկան:
Նախ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Սամիր Ժսըր նկատել տուաւ, որ երկրին ապահովական կառոյցները պէտք է իրենք զիրենք պարտադրեն ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Մուսթաքպալի երեսփոխան Մույին Մերեհպի դիտել տուաւ, որ լիբանանեան բանակը լուրջ թերացում արձանագրած է Թրիփոլիի մէջ եւ այդ կացութիւնը խիստ մերժելի է: Ան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը պէտք է այս հարցին միջամտեն:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուող զինեալ բախումներուն արմատական լուծումը այդ շրջանին ապազինումն է: Ան աւելցուց, որ զինաթափումէն բացի որեւէ այլ լուծումի որդեգրումը կը միտի յետաձգել հարցը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, եթէ Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումները վերսկսին, ապա անոնց օղակը աւելի պիտի ընդլայնի:

