Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը Որոշեց Վարչապետ Նշանակել Տիգրան Սարգսեանը
Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյնի մարմինի եւ խորհուրդի նիստերը:
Լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով յայտնեց, որ Հայաստանի նախագահը վարչապետի պաշտօնին համար առաջարկեց գործող վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի թեկնածութիւնը, ինչ որ ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ: Կառավարութեան կազմը, սակայն, տակաւին յայտնի չէ:
Շարմազանովը յայտնեց, որ սահմանուած ժամկէտին ընթացքին յայտնի պիտի դառնան բոլոր նախարարներուն անունները: Ան ընդգծեց, որ այս օրերուն պաշտպանութեան, արտակարգ իրավիճակներու եւ արտաքին գործոց նախարարները պիտի վերանշանակուին:
Շարմազանով յայտնեց նաեւ, որ թէեւ չէ քննարկուած նախարարական պաշտօններու հարցը, բայց կը կարծէ, որ Հանրապետական կուսակցութեան նախարարներուն մեծ մասը պիտի մնան իրենց տեղերը:
Մարզպետներու անունները եւս յայտնի պիտի դառնան քանի մը օրէն:
Լրագրողներուն հետ կարճ զրոյցին ընթացքին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան խոստովանեցաւ, որ իրեն համար սպասելի էր այս որոշումը: Ան նաեւ ափսոսանք յայտնեց, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը մաս պիտի չկազմէ կառավարութեան:
Միւս կողմէ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի սահմանադրութեան համաձայն, վարչապետին առաջարկով երէկ վերանշանակեց կառավարութեան անդամներէն երեքը:
Սերժ Սարգսեանի հրամանագրերով Էդուարդ Նալբանդեան, Սէյրան Օհանեան եւ Արմէն Երիցեան համապատասխանաբար նշանակուեցան Հայաստանի արտաքին գործոց, Հայաստանի պաշտպանութեան եւ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարներու պաշտօններուն համար:

