Միջադէպ Տաւուշի Շրջանին Մէջ. Երեք Հայ Զինուորներ Կը Նահատակուին
Ըստ նախնական տուեալներու, 4 յունիսին հայ – ազրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ ազրպէյճանական կողմը անգամ մը եւս կոպտօրէն խախտեց շփման գիծին վրայ հաստատուած զինադադարի դրութիւնը` փորձելով ներթափանցել Հայաստանի Տաւուշի մարզի Բերդաւան եւ Չինարի գիւղերու ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական յենակէտեր:
«Ձեռնարկուած միջոցառումներու եւ հայ զինուորներու քաջարի գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք հետախուզական յառաջխաղացումը կասեցուած է, եւ տալով կորուստներ` հակառակորդը ետ մղուած է: Ազրպէյճանական գործողութեան իբրեւ արդիւնք զոհուած են Հայաստանի Զինեալ ուժերու զինուորներ Հրաչ Սարգսեան, Զոհրապ Բալաբեկեան եւ Կարէն Դաւթեան: Կան վիրաւորներ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Միջադէպին առնչութեամբ կը կատարուի հետաքննութիւն: Դէպքի վայր մեկնած են Հայաստանի զինուորական դատախազը եւ պաշտպանութեան նախարարութեան յատուկ քննչական խումբը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերը կը վերահսկեն իրավիճակը շփման գիծին վրայ` իրականացնելով իրավիճակին համարժէք գործողութիւններ», կը վստահեցնէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ խորապէս կը ցաւակցի զոհերու ծնողներուն եւ հարազատներուն:

