Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը:
Ողջունելով հիւրը` նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Քլինթըն մշտապէս ցանկալի հիւր է: Նախագահը ընդգծեց, որ այս տարի կը նշուի Միացեալ Նահանգներու հետ Հայաստանի դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակը եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ կարելի է խօսիլ այն մասին, որ այդ 20 տարիներուն ընթացքին երկու երկիրներու յարաբերութիւնները ունեցած են վերընթաց զարգացում եւ այսօր կը գտնուին պատմականօրէն ամէնէն բարձր մակարդակին վրայ:
Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ երկու ժողովուրդներու կապերը շատ աւելի խոր պատմութիւն ունին եւ ըստ նախագահին, այսօր կարելի է խօսիլ այն մասին, որ երկու երկիրներու լաւ յարաբերութիւններու ստեղծման նպաստած են երկու ժողովուրդներու այդ կապերը, Միացեալ Նահանգներուն մէջ բնակող հոծ հայկական համայնքը, ինչպէս նաեւ ազատութեան, արդարութեան, ժողովրդավարութեան գաղափարները: «Ուրախ եմ, որ մեր յարաբերութիւնները մշտապէս կը կառուցուին փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ, եւ մշտապէս կրնանք անկեղծօրէն քննարկել որեւէ հարց, որ կը հետաքրքրէ կողմերէն մէկը», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:
Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ: Ան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց այս 20 տարիներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուած օժանդակութեամ համար:
Հիլըրի Քլինթըն պատիւ նկատեց կրկին գտնուելու Հայաստան երկու երկիրներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակի տարուան ընթացքին: Ան նշեց, որ վերջին 20 տարիներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներ սերտօրէն համագործակցած են Հայաստանի հետ: Միացեալ Նահանգներ մեծապէս կ՛արժեւորեն իրենց գործընկերութիւնը Հայաստանի հետ եւ շարունակեն սատարել Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդի զարգացման ու աճող բարեկեցութեան: «Ես եւ Նախագահ Օպամա բարձր կը գնահատենք Ձեզի հետ ունեցած մեր յարաբերութիւնները», յայտնեց Հիլըրի Քլինթըն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձաւ իր եւ նախագահ Սարգսեանի ունեցած անկեղծ զրոյցներուն, ինչ որ, ըստ անոր, կը բնորոշէ ընկերները: Ան ընդգծեց, որ ինք գիտէ, թէ նախագահ Սարգսեան ինչպիսի՛ ջանասիրութեամբ աշխատած է Հայաստանին առնչուող շրջանային խնդիրներուն լուծում գտնելու համար: Միացեալ Նահանգներ կ՛ակնկալեն, որ երկխօսութիւնը շարունակուի: Հ. Քլինթըն նշեց, որ «Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամ են օժանդակելու եւ աջակցելու Ձեր շարունակական գործունէութեան` իբրեւ հիանալի առաջնորդ»:

