Թրքական Դասագիրքին Մէջ Հայաստանն Ու Դրացի Այլ Երկիրներու Մէկ Մասը Ընդգրկած Են Թուրքիոյ Սահմանին Մէջ

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ դպրոցականներուն բաժնած են մալթիմետիա դասագիրքեր, որոնց մէջ Թուրքիոյ քարտէսին մէջ յատնուած են ամբողջ Հայաստանը, ինչպէս նաեւ Իրաքի, Պուլկարիոյ, յունական Կիպրոսի եւ Վրաստանի որոշ տարածքներ:

Խտասկաւառակը, որ այդ քարտէսը կը պարունակէ, պատրաստուած է Ազգային կրթական ծրագիրի շրջանակներուն մէջ, որ սկսած է կրթութեան նախարարութիւնը:

Կրթութեան նախարարութեան մէջ եւ Պոլսոյ կրթութեան բաժանմունքին մէջ յայտարարած են, թէ «ապշած են կատարուածէն»: Անոնք նաեւ ներում հայցած են կատարուածին համար եւ յայտարարած, որ չեն գիտեր, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցած է: Պաշտօնատարները ամբողջ պատասխանատուութիւնը բարդած են Պոլսոյ կրթութեան բաժանմունքի նախկին ղեկավար Աթա Էօզերի վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES