50 Տարի Առաջ ( 6 յունիս 1962 )

Շնորհակալութեան Պէտք Չունինք…

Այս վերնագրին հեղինակն է Պէյրութի Հայկազեան քոլեճի արաբ ուսանողներէն Խալետ Թելլաուի` զաւակը Սուրիոյ Հոմս շրջանի երեսփոխան եւ յայտնի լրագրող Սայիտ Թելլաուիի:

Ապրիլ 24-ի առթիւ Հայկազեանի հայ ուսանողներէն մէկը յօդուած մը ստորագրած էր դպրոցի ուսանողական «Սփեքթրա» անգլերէն ամսագրին մէջ` շնորհակալութիւն յայտնելով արաբ ասպնջական ժողովուրդին, որ տարագրութեան դառն օրերուն հոգածութիւն եւ պաշտպանութիւն ցոյց տուած էր հալածական հայ ժողովուրդին հանդէպ: Երախտապարտ հայ ուսանողը իր յօդուածին սկիզբը կը յիշէր հայուն սեւ ճակատագիրը, որ շարունակական թափառում եւ հալածանք եղած է եւ գովելով արաբական աւանդական սքանչելի հիւրասիրութիւնը` կը գրէր, թէ` «այդ հիւրասիրութիւնը յաճախ մոռցնել կու տայ մեզի մեր Հայաստանը»: Յօդուածը կը վերջանար արաբերէն հետեւեալ հատուածով. «Ալֆ շուքր, եա ախունա ալ արապի»:

Անշուշտ այս յօդուածը երախտագէտ հայ ուսանողի մը զեղումն էր` հանդէպ հիւրընկալ արաբ ժողովուրդին:

Յօդուածին լոյս տեսած օրը, երեկոյեան, դասընկերս` Խալետ Թելլաուի, յուզուած ներս մտաւ եւ նախատական խօսքերով ըսաւ ինծի.

– Ճի՞շդ է, որ հայերը իրենց երկրին անկախութիւնը չեն ուզեր եւ շուտով կը մոռնան Հայաստանը:

Ի հարկէ, ո՛չ, եղաւ պատասխանս: Բոլոր հայերն ալ, ըսի, կ՛ուզեն իրենց երկրին ամբողջական անկախութիւնը եւ չեն կրնար մոռնալ Հայաստանը: Այսուամենայնիւ, աւելցուցի, կան հայեր ալ, որոնք գոհ են ներկայիս մեր երկրին մէջ տիրող վարչակարգէն:

– Լա՛ւ, բայց այդ ուսանողը ինչո՞ւ այդ տեսակ յօդուած մը ստորագրած է: Արաբները շնորհակալութեան պէտք չունին, անոնք լոկ մարդկային պարտականութիւն մը կատարեցին:

Խալետ այսքանը ըսելէ ետք գրպանէն հանեց թուղթ մը, որուն վրայ գրած էր կարճ յօդուած մը` ի պատասխան հայ ուսանողի յօդուածին, զոր նուաստացուցիչ կը գտնէր:

– Հաճիս, կարդա՛ այս պատասխանը, եւ եթէ աւելցնելիք բան կայ, յիշեցուր, որ աւելցնեմ,- ըսաւ եւ երկարեց թուղթը:

Առի ու կարդացի արաբ ուսանողին ինքնաբուխ տողերը: Աւելցնելիք բան չգտայ: Որեւէ բառ փոխել այդ գրութենէն` պիտի նշանակէր սրբագրել Պետրոս Դուրեանի տողերը…

Յօդուածը հրատարակուեցաւ Հայկազեանի ուսանողական թերթի յաջորդ թիւին մէջ:

«Ո՛չ, հայ ժողովուրդը իրաւունք չունի գանգատելու իր ճակատագրին, ո՛չ ալ յուսահատելու: Հայ ժողովուրդին վիճակուած ճակատագիրը աննպատակ թափառիլ չէ եղած: Հայը ստեղծուած է ծառայելու համար մարդկութեան, որ պարտականութիւնն է բոլոր ազատ ազգերուն: Այդ կը հաստատէ հայոց պատմութիւնը:

«Թրքական ու ռուսական հալածանքներն ու ճնշումները ոչ թէ կրցան փոխել հայ ժողովուրդին վիճակուած բարձր առաքելութիւնն ու իտէալը, այլ դանդաղեցուցին, արգիլեցին անոր ընթացքը:

«Մենք` արաբներս, շնորհակալութեան պէտք չունինք, հա՛յ եղբայրներ, որովհետեւ մենք ալ ճաշակած ենք մասամբ այն դառնութիւնները, որոնց ենթարկուեցաք դուք: Մեր եւ ձեր պայքարը միեւնոյն ձգտումը ունէին. անկախութեան պայքար: Առանց յուսահատելու` պէտք է շարունակել այդ պայքարը:

«Մեր եղբայրական հոգածութիւնը հայ ժողովուրդին հանդէպ պիտի տեւէ մինչեւ վերջ… այնքան ատեն որ հայը կը մնայ անտուն եւ անտէր: Բայց մեր այդ եղբայրական հոգածութիւնը պէտք չէ պատճառ դառնայ, որ դուք մոռնաք ձեր սիրելի Հայաստանը:

«Դուք ունիք վեհ եւ սուրբ առաքելութիւն մը կատարելիք… Հայաստանը ազատագրելու պարտականութիւնը: Եւ այդ կերպով է, միա՛յն այդ կերպով, որ դուք կրնաք ձեր պարտքը հատուցել մեզի…»:

Մօտաւորապէս այս է սուրիացի ուսանող Խալետ Թելլաուիի պատասխան-յօդուածը, որ երեւցաւ «Սփեքթրա»-ի վերջին թիւին մէջ:

Եթէ այս գրողը եղած ըլլար քաղաքագէտ մը, պիտի ըսէինք, թէ դիւանագիտական «եղբայրասիրութիւն» մըն է լոկ, որ գրպանէն անդին չ՛անցնիր:

Ոչ իսկ երեսփոխանական թեկնածու է այս մէկը, որ քուէարկութեան մը նախօրեակին կը հրատարակէ զայն` հայկական քուէներով խորհրդարան մտնելու համար: Կարելի չէ, որ Խալետ այս յօդուածովը հօրը քուէներ ապահովելու ելլէ, որովհետեւ Հոմսի հայութեան քուէները ոչ միայն անկարող են թեկնածու մը խորհրդարան ղրկելու, այլ նաեւ անկարող են երեսփոխան մը սրճարան տանելու` լոկ մէկ գիշերուան համար:

Այս յօդուածը չի նմանիր այն շատ մը մեծ եւ փոքր «հայասէրներու» նամակներուն, որոնք թուրք կամ ռուս բռնակալ մը զգաստութեան կը հրաւիրեն եւ կամ «թուրք վաղեմի բարեկամ մը» խորհրդածութեան կը հրաւիրեն: Այլ պատգամ մըն է իւրաքանչիւր հայու, մանաւանդ` սփիւռքահայութեան ուղղուած:

Մայիս 28-ի առթիւ արաբ ուսանողի մը տուած պատգամն է իւրաքանչիւր հայու, որ զգաստանայ ու ճանչնայ անկախութեան արժէքն ու քաղցրութիւնը: Թող հայը չփորձուի իր սրտին մէջ կայծկլտացող անկախութեան բոցը մարել…

ԳԷՈՐԳ ԱԲԵԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES