«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Սահակ Բ. Կաթողիկոսի Յոբելեանական Շքեղ Հանդիսութիւնը Եւ Պարգեւատրումը
- Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, եւ ընդհանուր առմամբ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ իր յատուկ տեղն ու դերը ունի Սահակ Բ. կաթողիկոս: Տառապալից դառն օրեր ապրելով, բազում դժուարութիւններ դիմագրաւելով եւ ահռելի արգելքներ յաղթահարելով ան յաջողեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը խափանումէ փրկել ու վերընձիւղել, եւ հայ եկեղեցին առաջնորդել հայութեան համար դժնդակ ու ճակատագրական այդ օրերուն:
Հայրենի հողին վրայ, խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, Սուրբ Էջմիածնի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը գոյութեան չափազանց դժուարին օրեր կ՛ապրէր: Հակակղերական մոլեգնութիւնը եւ պետական մակարդակի վրայ անաստուածութեան տարածումը ահաւոր համեմատութիւններ ստացած էր. հոգեւորականներ մէկիկ-մէկիկ կ՛անհետացուէին ու կը սպաննուէին, եւ եկեղեցիները փակուած` կը մնային անհօտ ու անհովիւ: Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնը, Մեծ եղեռնէն կացինահար ու անշքացած, անուանական գոյութիւն մը կը պահէր: Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը կը մնար Սուրբ Տեղեաց մէջ հայոց իրաւունքներու պահապանը: Իսկ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, հայրենակորոյս ու որդեկորոյս, աստանդական դարձած ու թափառական, Սահակ կաթողիկոսի իմաստուն ղեկավարութեան տակ, «աւազի վրայ» կաթողիկոսութիւն ընելով պահեց ու պահպանեց մեր դարաւոր սրբութիւններն ու արժէքները եւ դարձաւ լուսատու փարոս հայոց երկնակամարին վրայ:
*
* *
Սահակ Բ. կաթողիկոս Խապայեան ծնած է 1849 մարտ 25-ին, Խարբերդի դաշտի Եղէգի գիւղին մէջ: Աւազանի անունով` Գաբրիէլ: 1867-ին մտաւ Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբայ վանքին Ժառանգաւորաց վարժարանը եւ 1869-ին սարկաւագ ձեռնադրուեցաւ: Ուսումը կատարելագործելու նպատակով ղրկուեցաւ Պոլիս եւ երկու տարի ետք վերադառնալով Երուսաղէմ Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ ուսուցիչ նշանակուեցաւ: 1877 յուլիս 3-ին Եսայի պատրիարքի ձեռամբ ձեռնադրուեցաւ կուսակրօն քահանայ: Անխոնջ պրպտող ու ուսումնասիրող, դասագիրքեր պատրաստեց, «Սիոն» ամսագիրին խմբագրապետ եւ տպարանի տեսուչ եղաւ, եւ ժամանակ մըն ալ Տնօրէն ժողովի անդամ եւ Միաբանական ընդհանուր ժողովի ատենապետ եղաւ:
1881-ին իբրեւ նուիրակ Կովկաս ուղարկուեցաւ, ուր քարոզչական գործունէութիւն ծաւալեց եւ հանգանակութիւն կատարեց: 1885 յունուար 10-ին լուսարարապետ ընտրուեցաւ եւ նոյեմբեր 24-ին Մակար Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ Սուրբ Էջմիածնի մայր տաճարին մէջ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ:
Մկրտիչ Ա. կաթողիկոս Քէֆսիզեանի վախճանումէն ետք (1894 նոյեմբեր), Կիլիկիոյ Աթոռը թափուր կը մնար, մինչեւ որ 1902 հոկտեմբեր 12-ին Կիլիկեան տասնհինգ թեմերու 62 պատգամաւորներ միաձայնութեամբ կաթողիկոս ընտրեցին Սահակ եպիսկոպոսը: Կաթողիկոսական օծումը տեղի ունեցաւ 1903 ապրիլ 23-ին, Սիսի մայրավանքին մէջ:
Սահակ կաթողիկոս եռանդուն աշխատանք տարաւ անշքացած վիճակի մատնուած մայրավանքը բարելաւելու ուղղութեամբ եւ 1906-ին վերաբացաւ դպրեվանքը: 1909-ին տեղի ունեցաւ Ատանայի կոտորածը: 1915-ին աքսորուեցաւ Հալէպ եւ հոնկէ` Երուսաղէմ, իբրեւ նորահնար կաթողիկոս պատրիարք: 1917-ին աքսորուեցաւ Դամասկոս եւ պատերազմի աւարտէն ետք, Եղեռնէն վերապրած աքսորական ժողովուրդին հետ 1919-ին վերադարձաւ Կիլիկիա:
1920 փետրուարին պատահեցաւ Մարաշի աղէտը, Սիս պարպուեցաւ յունիսին, իսկ հոկտեմբերին, ութամսեայ դիւցազնամարտէ մը ետք ինկաւ Հաճըն: Սահակ կաթողիկոս Փարիզ գնաց Կիլիկիոյ դատը պաշտպանելու համար, բայց ապարդիւն: Կիլիկիոյ հայութիւնը բռնեց գաղթի ճամբան եւ ժողովուրդի վերջին բեկորներուն հետ կաթողիկոսը 1921-ին հեռացաւ Կիլիկիայէն եւ վարեց աստանդական կեանք` Հալէպ, Դամասկոս, Պէյրութ եւ Կիպրոս:
Ազգասէր, համակրելի ու ժողովրդական դէմք, Սահակ կաթողիկոս միշտ ժողովուրդին կողքին մնաց եւ անոր հետ ճաշակեց գաղթականի բոլոր դառնութիւններն ու տառապանքները: Իր անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռը վերընձիւղեցաւ եւ Անթիլիասի որբանոցը դարձաւ հայ հոգիի, մտքի ու մշակոյթի դարբնոց:
*
* *
Կիլիկիոյ տարագիր հայութիւնը 18 յունիս 1933-ին Անթիլիասի մէջ մեծ շուքով տօնեց Սահակ Բ. կաթողիկոսի գահակալութեան 30-ամեակը. այս առիթով լիբանանեան պետութիւնը եւ ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնը պատուեցին հայոց հայրապետը: Յոբելեանական հանդիսութեան նախորդ օրուան` յունիս 17-ի թիւով եւ «Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը» խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.
«Կիլիկիոյ Ծերունազարդ հայրապետը Սահակ Բ. Խապայեան իր երեսունամեայ կաթողիկոսութեան շրջանը բոլորեց:
Այս առթիւ, վաղը, նոր կաթողիկոսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ յոբելեանական հանդէս:
Հայ կաթողիկոսութեան եւ կաթողիկոսներու կատարած դերը մեր պատմութեան մէջ եղած է խիստ կարեւոր եւ մեծ, կրօնաբարոյական, ազգային եւ նոյնիսկ քաղաքական տեսակէտներով.
Հայ եկեղեցին, Լուսաւորչի ժամանակներէն ի վեր, Հայոց ժողովուրդին համար այնպիսի ծառայութիւններ կատարած է, որոնք ուղղակի պատճառ եղած են, որպէսզի հայ ժողովուրդը աւելի ուժգնութեամբ դիմագրաւէ դարերու ազգակործան փոթորիկներուն ու աւերներուն: Հայ եկեղեցին ոչ միայն ոսկեղինիկ գրականութիւն մը եւ Արծաթէ դար մը տուած է մեզի, ապա եւ ստեղծեր է հայկական կրօնական բարձր երաժշտութիւն մը, ճարտարապետութիւն մը եւ դեռ շատ մը գեղարուեստական արժէքներ:
Հայկական թագաւորութեան շրջաններուն, հայ ժողովուրդին համար եկեղեցին ամէն բան էր: Խիստ ազդեցիկ էր կաթողիկոսին անձնաւորութիւնը: Հայ թագաւորներ, քաղաքական գործերու համար իսկ կ՛առնէին կաթողիկոսներու կարծիքը եւ կը գործակցէին անոնց հետ:
Մեր ժողովուրդին համար աւելի բարձր նշանակութիւն ունէին Աշտիշատի, Թորդանի, Թիլաւանի կաթողիկոսարաններն ու կաթողիկոսները, քան Հայոց Մեծաց Աշխարհի թագաւորական մայրաքաղաքները:
Եւ, հայ կաթողիկոսներէն շատեր իրաւունք ունէին մեր ժողովուրդէն վայելելու ա՜յդքան ջերմաջերմ գուրգուրանք, յարգանք եւ սէր. որովհետեւ, մեր Աշխարհը տուած էր Մեծն Ներսէսներու, Սահակ Պարթեւներու նման հոյակապ եւ աստուածային դէմքեր. որովհետեւ մեր կաթողիկոսներէն շատեր պինդ փարած էին ժողովուրդի կրօնական, բարոյական եւ կրթական դաստիարակութեան գործին, որովհետեւ անոնք կ՛ուզէին, որ հայոց աշխարհը մշակոյթի տեսակէտով բարձրանայ եւ իշխէ դրացի ազգերու եւ ցեղերու վրայ: Մեր եկեղեցին կը մնար հաստատուն եւ տեւական եւ կը լծուէր արդիւնաշատ աշխատանքներու` որքան ատեն մեր քաղաքական գոյութիւնը ամուր էր, ուժեղ եւ հզօր:
Այն օրէն, որ մենք կորսնցուցինք մեր քաղաքական միութիւնը, հայոց երկիրը բաժնուեցաւ Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի միջեւ եւ կամ մանր մունր իշխանապետութիւններու եւ թագաւորութիւններու վերածուեցաւ: Այն ատեն յառաջ եկաւ նաեւ հայոց կաթողիկոսութեան բաժանում: Հայ թագաւորն ու կաթողիկոսը գործելով միշտ միասին, ամէն անգամ, որ թագաւորը մայրաքաղաք փոխէր, իրեն կը հետեւէր նաեւ Վեհափառը:
Այս պատճառներով է, որ մենք ունեցած ենք բազմաթիւ կաթողիկոսութիւններ, օրինակ, Էջմիածնի, Դուինի, Անիի, Վասպուրականի, Սիւնեաց եւ Կիլիկեան աշխարհներու:
Մինչեւ 11-րդ դար, մենք չենք ունեցած Կիլիկիոյ մասնաւոր Կաթողիկոսութիւն մը: Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն յետոյ, Կիլիկեան նոր իշխանութեան մը հիմնումով, Մեծ Հայաստանի կաթողիկոսական գահը փոխադրուեցաւ Սիսուանայ աշխարհ, Տաւրոսեան երկիր:
Եւ 11-րդ դարէն մինչեւ այսօր, չնայած որ մենք կորսնցուցած ենք բոլոր մեր թագաւորութիւններն ու թագաւորները, չնայած որ մէկ անգամ ընդ միշտ մէջտեղէն վերցած են շատ մը կաթողիկոսութիւններ, Կիլիկիան կը պահէ իր կաթողիկոսական Աթոռն ու Վեհափառ Աթոռակալը:
Շատ մեծ են եղած Կիլիկեան հայ կաթողիկոսներու կատարած աշխատանքները: Ոչ միայն ծանրածանր հարուածներ ենք կրեր քաղաքական իմաստով, այլ նաեւ կրօնական: Հռովմ, Բիւզանդիոն ոչ միայն կ՛ուզէին վերջ տալ մեր անկախութեան, թագաւորութեան, այլ նաեւ անոնք իրենց պատրիարքներով, կրօնական զանազան ընկերութիւններով կ՛ուզէին մէջտեղէն վերցնել մեր եկեղեցին:
Ահա՛, այդ ժամանա՛կն է, որ Ներսէս Շնորհալիներու, Լամբրոնացիներու նման հսկայ եւ ուժեղ դէմքեր մէջտեղ են եկած, իրենց խոր ազգասիրութեամբ, հայրենասիրութեամբ, իրենց պատրաստուած մտաւորական կարողութեամբ, իրենց Կիկերոնեան պերճախօսութեամբ եւ ամէն կերպով, ամէն գնով աշխատեր են որ հայ եկեղեցին պահէ իր ինքնուրոյնութիւնը եւ անկախութիւնը:
Վերջին աշխարհասասան մեծ պատերազմը, ինչպէս բովանդակ Արեւմտահայաստանի, նոյնպէս եւ Կիլիկիոյ հայ ժողովուրդին համար եղաւ խիստ ճակատագրական եւ ողբերգական:
Շնորհալիներու գահին վրայ բազմող մեր վերջին կաթողիկոսը, Սահակ Բ. Խապայեան, եղաւ ամենադժբախտը մեր բոլոր կաթողիկոսներուն մէջ: Անիկա կրկնակի տառապանքներ եւ զրկանքներ կրեց: Ան տեսաւ իր ժողովուրդին ամբողջական աքսորն ու ջարդը: Իր աչքերով տեսաւ հայ ժողովուրդի կոտորածը` Արաբական եւ Սուրիական անապատներու վրայ, եւ յետոյ, անիկա զրկուեցաւ այն գահէն, որուն վրայ մօտ 40 կաթողիկոսներ էին բազմած, եւ տեղահան եղաւ բռնի այն վայրերէն, որուն կապուած էր ժողովուրդ մը ամբողջ դարերէ ի վեր:
Մեր բոլոր կաթողիկոսներն ալ իրենց գահը փոխադրած էին Հայաստանի մէջ, քաղաքէ քաղաք, մայրաքաղաքէ մայրաքաղաք: Բայց անոնք երբեք չէին հաստատած իրենց աթոռը` հեռո՜ւ հայրենիքէն, օտար երկիրներու մէջ:
Կիլիկիոյ Վեհափառ Կաթողիկոսը Սահակ Խապայեան, ահա՜ տասը տարիներէ ի վեր իր աթոռով հաստատուած է Լիբանանի Անթիլիասի գիւղաւանին մէջ, տարագիր եւ աքսորուած` Մայր հողէն:
Ներկայ Կաթողիկոսարանն ալ ունի իր գեղեցիկ եւ դալարուն պարտէզները: Նոյն կապոյտ Միջերկրականն է դարձեալ, որ կը նայի Վեհափառին, երբ այս պատկառելի ծերունին ամէն անգամ նստի իր պատուհանին առաջ, տրտում աչքերով: Լիբանանեան կապոյտ լեռնե՜րն են, որ կը բարձրանան իրենց ձիւնագեղ կատարներով Վեհարանին դէմ դիմաց:
Բայց, Ծոփաց Աշխարհի զաւակ, Կիլիկիոյ Ծերունազարդ հայրապետը, հեռու է այդ բոլորով ուրախ ըլլալու, ժպտելու, հպարտանալու: Անիկա կ՛ուզէր, որ ըլլար հայկական Միջերկրականի մօտ, Կիլիկեան պարտէզներո՜ւն եւ սարերո՜ւն դիմաց: Անոնց կողքին:
Սահակ Կաթողիկոս, որ ա՜յնքան տառապեցաւ եւ աշխատեցաւ հայ ժողովուրդին համար, իր երեսնամեայ կաթողիկոսական գործունէութեան յոբելեանին առիթով, մենք կը ցանկայինք իրեն սրտագին, երկա՜ր կեանք: Կը ցանկայինք, որպէսզի ան դեռ բարոյական կորով եւ ո՜ւժ ներշնչէր հայոց թափառական, ցանուցիր ժողովուրդին, որ կարողանայ դիմանալ դեռ, օտարութեան ցաւին եւ ձուլումի բոլոր տեսակ վտանգներու եւ երջանիկ, ազատաբեր օր մը կրկին վերադառնայ այն երկիրը` որը դարերէ ի վեր ի՜րը, իր պապերո՜ւնն է եղած»:
*
* *
Յոբելեանական հանդիսութենէն ետք, 20 յունիս 1933-ի թիւով եւ «Կիլիկիոյ ծերունազարդ հայրապետի յոբելեանական շքեղ հանդէսը» խորագիրով «Ազդակ» կը գրէր.
«Կիլիկիոյ ծերունազարդ Հայրապետի կաթողիկոսութեան 30-րդ տարեդարձին առիթով, շքեղ տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան անցած կիրակի օր Անթիլիասի մէջ: Առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսելով խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած էր Կաթողիկոսարանի եկեղեցին եւ շրջափակը: Հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի ունեցան: Օրուան պատարագիչն էր Լիբանանի կաթողիկոսական փոխանորդ Կարոյեան սրբազան, իսկ սարկաւագի պաշտօն կը կատարէին թեմակալ եպիսկոպոսները: Երկար եւ հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ Աթոռակից Վեհափառը, որմէ վերջ, ծերունի հայրապետը, դպիրներով եւ քահանաներով առաջնորդուեցաւ եկեղեցի: Յաւարտ պատարագի, վեհափառը ընդունեց շնորհաւորութիւնները: Ժողովուրդը կարգաւ համբուրեց վեհափառին աջը:
Կէս օրէ վերջ, ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը: Հանրապետութեան նախագահ Ն. Վ. պրն. Շարլ Տէպպաս, իր անձնական քարտուղար Էմիր Ֆաիզ Շեհապ. Բ. Գոմիսերի ներկայացուցիչ հարիւրապետ Ռօ, Լիբանանի պատուիրակ պրն. Բուբոն, մաքսային ընդհանուր քննիչ Քոլոնել Կոմպօ, Ամիրալ Ժուպեռի եւ ընդհանուր հրամանատարի ներկայացուցիչները, նախկին վարչապետ Հապիպ փաշա Սաատ, Ազգ. Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ պրն. Պրիւնիէ, Լիբանանի ոստիկանապետ Իզզէտտին պէյ Օմարի, Լիբանանի կառավարիչ Ահմետ Պէյ Պերճաւի, Ժիւնիի գայմագամը, Մարոնի պատրիարքի փոխանորդ եպիսկոպոս Աքլ եւ չորս եկեղեցականներ, յոյն օրթոտոքս եպիսկոպոսներ, հրեայ ազգային ժողովի նախագահը մասնաւոր պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, Անթիլիասի երեւելիները եւ ազգային պաշտօնական մարմիններու ներկայացուցիչներ ներկայ գտնուեցան: Լիբանանի հայութեան կողմէ քաղաքական ժողովի ատենապետ տոքթ. Յ. Թոփճեան կարդաց ուղերձ մը, որմէ վերջ հանրապետութեան նախագահը ոտքի ելնելով եւ խօսքը ուղղելով ծերունի հայրապետին, ըսաւ.
ՁԵՐԴ ՎԵՀԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԿԱՐԳԻ ՊԱՏՈՒԱՆՇԱՆԸ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԴՈՒՔ ՁԵՐ ԱԶԳԻՆ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԵՐԿԱՐ ՏԱՐԻՆԵՐ ԱՆՁՆՈՒԻՐԱԲԱՐ ԾԱՌԱՅԱԾ ԷՔ ԵՒ ՁԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՍԷՐՆ ՈՒ ԳՈՒՐԳՈՒՐԱՆՔԸ ԱՊԱՀՈՎԱԾ:
Եւ Ն. Վսեմութիւնը վեհափառի կուրծքը զարդարեց լիբանանեան գեղեցիկ պատուանշանով: Ատկէ վերջ, Աթոռակից վեհափառը կարդաց ուղերձ մը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց տեղական ու հովանաւոր իշխանութեանց»:





