Հայրենի Կեանք

«Հայաստանի Նոր Անուններ» Փառատօնը`
Հայաստանի Առաջին Տիկին Ռիթա Սարգսեանի
Հովանաւորութեան Տակ

«Հայաստանի նոր անուններ» պատանի երաժիշտ-կատարողներու 2-րդ միջազգային փառատօնը այս տարի իրականացուեցաւ մայիս 29-էն յունիս 1: Փառատօնին մասնակցեցան մինչեւ 18 տարեկան մօտաւորապէս 40 շնորհալի երաժիշտներ` Հայաստանէն, Վրաստանէն, Ֆրանսայէն, Ռուսիայէն, Մալթայէն, Ուզպեքստանէն եւ Քորէայէն:

Ծրագրի ղեկավար Սիլվա Մեքինեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշած է, որ փառատօնին մասնակիցները ունկնդիրներուն պիտի ներկայացնեն նուագախմբային եւ մենանուագ կատարումներ: «Անոնցմէ շատերը բազմիցս ելոյթներ ունեցած են աշխարհի յայտնի բեմերու վրայ, միջազգային եւ հանրապետական մրցոյթներու, բազմակի փառատօներու դափնեկիրներ եւ տարբեր հիմնադրամներու կրթաթոշակառուներ են», յայտնած է ան:

Փառատօնային ծրագրին մէջ ներառուած է նաեւ մասնակիցներուն համար մշակութային ծրագիր` այցելութիւններ Երեւանի մշակութային կարեւորագոյն օճախներ, որոնք պատանի երաժիշտներուն թոյլ պիտի տան ո՛չ միայն առաւել մտերմանալ իրարու հետ, այլեւ օտար մասնակիցներուն առիթ պիտի ընծայէ մօտէն ծանօթանալ Հայաստանին եւ հայ մշակոյթին:

Նշենք, որ փառատօնին ելոյթները կայացան Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք եւ Հայաստանի սենեկային նուագախումբերու նուագակցութեամբ: Փառատօնը իրականացուեցաւ Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեամբ:

«Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»-ը Կ՛աջակցի Հայաստանի
Պետական
Ճարտարագիտական Համալսարանին

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը համալսարաններու աջակցութեան ծրագիրի ծիրին մէջ կ՛աջակցի Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանին` տրամադրելով անոր գործընթացին պահանջներէն բխող արժէքաւոր սարքաւորումներ, սըրվըրային սենեակներու պահարան, սըրվըր, փոխանջատիչ, ցանցերու փոխարկիչներ եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի «Հոմ զոն թիւրպօ» փաթեթի շրջանակին մէջ գործող 3 Ճի. երթուղիչներ: Վերջինին պատճառով ուսանողները կարելիութիւն ունեցան համալսարանի երկրորդ մասնաշէնքին առաջին եւ երկրորդ յարկերուն վրայ անվճար օգտուելու անթել համացանցէն: Նշենք, որ անթել համացանց կը գործէ նաեւ համալսարանին գրադարանին մէջ:

Այս ծրագիրով «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը վերահաստատած է կրթութեան աջակցութեան իր պատրաստակամութիւնը եւ քառամեայ գործընթացը շարունակած է նոր ծրագիրներու տեսքով: Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութիւնը իր ռազմավարութեան հիմքին մէջ կարեւոր կը համարէ ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմակայելու պատրաստակամութիւնը:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան յայտնած է, որ` «Գիտելիքի հանդէպ ընդգրկուած մտածումը յատուկ է հայու մտածելակերպին: Նորարար եւ ժամանակակից միջոցներով կահաւորուած համալսարանը կարելիութիւն կ՛ընծայէ ուսանողութեան աւելի արագ բացայայտելու իրենց սեփական ներուժը»: Ռալֆ Եիրիկեան շեշտած է, որ` «Համալսարանին մէջ ստեղծուած կարելիութիւնները նոր թափ պիտի հաղորդեն ժամանակակից ձեւաչափով ուսանելու»:

Հաղորդենք, որ արտաքին շուկային մէջ Հայաստանի անվիճելի մրցունակութեան համար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կարեւոր կը համարէ գիտակ անձնակազմներ պատրաստելու համալսարաններու վճռակամութիւնը:

ՀՕՄ–Ի Ախուրեանի Մօր Եւ Մանկան Կեդրոնը Եւ
Ծննդատունը
Նշեցին Իրենց Հիմնադրութեան 15-Ամեակը

19 մայիսին Հայ օգնութեան միութեան Հայաստանի Ախուրեան քաղաքի Մօր եւ մանկան կեդրոնը եւ ծննդատունը նշեցին իրենց հիմնադրութեան 15-ամեակը:

15 տարիներու ընթացքին ՀՕՄ-ի Մօր եւ մանկան կեդրոնին եւ ծննդատան մէջ տեղի ունեցան 7640 ծնունդ, 1335 կնոջական վիրահատութիւն, 28,749  ձայնային քննութիւն, 3860 հիւանդներու ճառագայթային քննութիւն, 1146 կիներ ծնունդ տուին կեսարեան հատումով: 102,769 պարագաներ ընդունուեցան կեդրոնին կողմէ, 5408 այցելութիւններ տրուեցան` կեդրոնի ընտանեկան բժիշկներուն կողմէ, 30,942 պատուաստումներ եւ 209,309 տարրալուծարանային քննութիւններ կատարուեցան: 3397 պարագաներ ստացան ատամնաբուժական խնամք:

Նշենք, որ ձեր օժանդակութիւնները կրնաք շարունակել եւ կատարել հետեւեալ կայքէջին ճամբով` www.paypal.com:

22 Մայիսին Բացումը Կատարուեցաւ Կապանի
Բժշկական
Կեդրոնի Մանկական Բաժանմունքին

22 մայիսին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանին գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին` հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ, տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ բարերարներ, հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարեցին Կապանի հիւանդանոցի մանկական բաժանմունքին: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ` Կապանի քաղաքապետ Արթուր Աթայեան, վարչակազմի անդամներ, հիւրեր, բժշկական կազմի անդամներ:

Նշենք, որ ծրագիրը հովանաւորած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին Բրիտանիոյ տեղական մարմինը` բարերար Կարապետ Նազարեանի կտակած 1 միլիոն տոլարով: Այս առիթով Կապան կը գտնուէին նաեւ` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Բրիտանիոյ տեղական մարմինի ատենապետ Արմինէ Կարապետ, փոխատենապետ Վեռնոն Յովսէփեան եւ բրիտանահայ տասնեակ մը հիւրեր:

Հաղորդենք, որ բաժանմունքի 860 քառ. մեթր տարածքին վրայ կառուցուած երկյարկանի շէնքը ամբողջութեամբ նորոգուած է: Նուիրուած են նաեւ` կահոյք, բժշկական սարքեր եւ շտապ օգնութեան ինքնաշարժ:

Մանկական բաժանմունքին մէջ կը բժշկուին շնչառական եւ տարբեր ժահրերէ վարակուած մանուկներ: Բաժանմունքը կրնայ օրական 15 հիւանդ ընդունիլ: Տարեկան 400-450 մանուկ կը բուժուի հոն: Կայ նաեւ նորածիններու յատուկ բաժին: Բաժանմունքի աւագ բուժքոյր Տոնարա Սարգսեան յայտնած է, թէ` «Շատ ուրախ ենք, որ այսօր այսպիսի բաժանմունք ունինք, երբ յիշեմ, թէ նախապէս ինչպիսի՛ պայմաններու մէջ կ՛աշխատէինք, բառեր չեմ գտներ արտայայտելու իմ եւ գործընկերներուս երախտագիտութիւնը», նշած է ան:

Յիշեցնենք, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին նուիրատուութիւն կատարելու համար կարելի է դիմել` «donate.himnadram.org» հասցէին:

«Վիվասել.Էմ.Թի.Էս.»-ը Կ՛աջակցի «Կուկըլ
Տեւըլոփըր
Կրուփ Օֆ Արմենիա» Խումբին

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի տեղեկատուական վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ապրիլ 27-29 Ծաղկաձորի մէջ կայացաւ «gt hackathon Armenia 2012» մրցոյթին եզրափակիչ հանգրուանը:

Իսկ 2 մայիսին «Մետիամաքս»-ի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է շահողներուն պարգեւատրումը: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան «Android» անուանակարգին մէջ շահող խումբի ղեկավարին յանձնած է Սամսոնկ կալաքսի նեքսըզ սմարթֆոն, իսկ «Քրոմ ափփ» անուանակարգին մէջ շահող խումբի ղեկավարին «Էյչ.Թի.Սի. ֆլայըր»  համակարգիչ:

«gt hackathon Armenia 2012»-ի կազմակերպիչներն են «Կուկըլ տեւըլոփըր կրուփ օֆ Արմինիա» եւ «Հայկական ընկերային մետիա» կազմակերպութիւնները: «Հաքաթոն»-ի գլխաւոր հովանաւորն էր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը, պաշտօնական գործընկերը` «Մետիամաքս մետիա» ընկերութիւնը:

«gt hackathon Armenia 2012» մրցումին եզրափակիչ հանգրուանին մասնակցելու համար ընտրուած էր 15 նախագիծ: Ապրիլ 29-ին, երկօրեայ եզրափակիչ աշխատանքէ ետք խումբերը ներկայացուցած են իրենց նախագիծները, որմէ ետք դատական կազմը գնահատած եւ յայտարարած է շահողներուն անունները:

Նշենք, որ մրցումին նպատակը եղած է ստեղծել ծրագիրներ, որոնք կ՛աշխատին «Android» համակարգին վրայ եւ յաւելումներ` «Կուկըլ քրոմ պրաուզըր»-ին համար:

«Android»  համակարգին մէջ շահած է «Իվենթ կայտ» նախագիծը, որուն ղեկավարն է Մինաս Քէշիշեանը: «Իվենթ կայտ»-ը ներկայացուցած է ձեռնարկներու կեդրոնացած համակարգի «Android» յաւելուած, որ կ՛արտօնէ համակարգէն օգտուողներուն առցանց տեղեկանալ` Հայաստանի մէջ սպասուող մշակութային, մարզական եւ ժամանցային իրադարձութիւններուն մասին, նշումներ կատարել օրացոյցի վրայ, ինչպէս նաեւ` գնահատել եւ առանձնացնել նախընտրելի ձեռնարկները: Նախագիծին ճամբով կարելի է գտնել մօտակայքը տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կամ կատարել ընդլայնուած որոնում, ինչպէս նաեւ` անոնց մասին ընկերային ցանցերով տեղեկացնել ընկերներուն: Օգտուողները պիտի կարենան յաւելուածին օգնութեամբ դիւրութեամբ ձեռք ձգել ելեկտրոնային Qr տոմսեր` շարժական վճարումներու համակարգով:

«Քրոմ ափփ» անուանակարգին մէջ շահած նախագիծը եղած է «Մի չեթ» անուանումով, ղեկավարութեամբ Կարէն Ղանտիլեանի: Նախագիծը կը ներկայացնէ ընկերային կայքերու, մասնաւորաբար Կուկըլին, Ֆէյսպուքին չեթերուն կեդրոնացման համար նախատեսուած յաւելումը: Պրաուզըրին պատուհանին մէջ կը բացուի փոքրիկ դաշտ, որուն մէջ կարելի կ՛ըլլայ տեսնել ընկերային կայքերու մէջ տուեալ պահին առցանց գտնուող ընկերները: Ասկէ բացի, «Մի չեթ»-ը կ՛առաջարկէ թարգմանութեան կարելիութիւն, որ կ՛աշխատի «Կուկըլ թրանսլէյթ» համակարգին միջոցով: Այսինքն այս դրութիւնը օգտագործողը կրնայ Ֆէյսպուքի չեթի ժամանակ գրել հայերէնով, որ խօսակիցին ուղարկելէ առաջ պիտի թարգմանուի անոր համար նախընտրելի լեզուով, ցանկութեան պարագային պիտի ուղարկուի նաեւ մայր տարբերակը: Համապատասխան կերպով պատասխանը պիտի թարգմանուի ինքնաբերաբար, կարգաւորումներուն մէջ նշուած լեզուով:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կ՛աջակցի «Կուկըլ տեւըլոփըր կրուփ օֆ Արմինիա»-ին եւ Հաքթոն 2012-ին, որովհետեւ կը հաւատայ, որ այսպիսի նորարական նախագիծները եւ ձեռնարկները հսկայական ներազդեցութիւն ունին երկրին տնտեսական ոլորտին յառաջախաղացման հարցին մէջ: Հաքթոնի մասնակիցները հանդէս եկած են բջիջային շարք մը նորարական ծրագիրներու նախաձեռնութիւններով եւ այս նաեւ կը ստիպէ մեզ հաւատալ մեր ժողովուրդին կարողութիւններուն վրայ», հաղորդած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան: Ան շարունակած է` ըսելով, որ` «Հայաստանի մէջ հաղորդակցութեան առաջատար ընկերութիւնը` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը սերտօրէն կը համագործակցի Էյչ.Թի.Սի.ի հետ` «Android» համակարգին վրայ աշխատող նորարական լուծումները հայաստանեան բաժանորդներուն հասանելի դարձնելու ուղղութեամբ: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը այդ ընկերութեան առաջին պաշտօնական ներկայացուցիչն է Հայաստանի մէջ: Ընկերութիւնը վճռականօրէն կը սատարէ բաց պաշարներու գաղափարը, որ ծրագիրներ մշակողներուն կ՛ընձեռէ դուրս գալու նոր ասպարէզներ, որ իր հերթին, նպաստաւոր պայմաններ եւ խթաններ կ՛ապահովէ ոլորտին զարգացման համար: Այս մէկը նաեւ ցոյց կու տայ «Հաքաթոն 2012»-ը, որուն ընթացքին ստեղծուած են բջիջային հաղորդակցման համար նորարար հետաքրքրական եւ յարմարաւէտ գործիքներ եւ ծառայութիւններ` բջիջայինի բաժանորդներուն համար», աւելցուցած է Ռալֆ Եիրիկեան:

Նշենք, որ «Android» եւ «Քրոմ ափփ» անուանակարգերուն մէջ երեքական նախագիծներ ստացած են խրախուսական մրցանակներ:

Վաղուհաս Գիւղի Նորակառոյց Դպրոցի Եւ
Ստեփանակերտի
Ըմպելի Ջուրի Ցանցի Բացում

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին պատուիրակութիւնը 23 մայիսին հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանի Վաղուհաս գիւղի նորակառոյց դպրոցին եւ Ստեփանակերտ քաղաքի ըմպելի ջուրի վերակառուցուած ցանցին: Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արար Վարդանեան, հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները, տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ սփիւռքահայ հիւրեր:

Հանդիսութիւնը սկսած է Վաղուհասի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ քահանայ Յովհաննէս Յովհաննէսեանի եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը ներկայացնող Ռուբէն աբղ. Զարգարեանի օրհնութեամբ:

Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան նախարար Վլադիկ Խաչատրեան յայտնեց, որ` «Հայ ժողովուրդը գոյատեւած է իր դպրութեան շնորհիւ: Դպրոցը սրբութիւն է, որուն միջոցով պէտք է շարունակենք մեր գոյատեւման հերոսական երթը: Այս հիասքանչ նորակառոյցը եւ ժամանակակից պայմաններով մեծ նուէր է համայնքին»:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան յոյս յայտնեց, որ այս գեղեցիկ դպրոցին մէջ ուսում ստանան մեր ազգի ապագայ գիտնականները եւ մտաւորականները: Դպրոցը կառուցուած է «Ալեքս Գրիգ» ընկերութեան` ի դէմս գործարար Սամուէլ Ալեքսանեանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան նիւթական միացեալ ներդրումով: Անիկա կը գրաւէ մօտաւորապէս 2140 քառակուսի մեթր տարածք: Կեդրոնական ջեռուցումը եւ մնայուն ջրամատակարարումը, ինչպէս նաեւ ամբողջական կահաւորումը կարելիութիւն կու տան լիարժէք կերպով օգտագործելու դպրոցը: Ներկայ դրութեամբ,  դպրոցը ունի 140 աշակերտ, ներառեալ` հարեւան Խնկաւանի դպրոցականները: Կրթօճախը կրնայ ընդունիլ մինչեւ 240 աշակերտ:

Դպրոցի բացման հանդիսութեան յաջորդած է Ստեփանակերտ քաղաքի ըմպելի ջուրի ներքին ցանցի 10-րդ եւ 11-րդ գօտիներուն բացումը: Ցանցը վերակառուցուած է Ռուսիոյ հայ համայնքին օժանդակութեամբ եւ ջուր կը տրամադրէ քաղաքի կեդրոնական մասին, Արմէնաւան եւ Ստեփգես թաղամասերուն: Դաւիթ Բէկ փողոցի մէջ գտնուող աղբիւրը այսուհետեւ պիտի գործէ իբրեւ հիմնադրամին կողմէ քաղաքի այս հատուածին մէջ վերստին գործող ջրամատակարարման խորհրդանիշ:

«Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնը`
Սփիւռքի
Նախարարութեան Նախաձեռնութեամբ

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կայացող «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրին մէջ պիտի կազմակերպուին աւելի քան 50 ձեռնարկներ: Այս առիթով տեղի պիտի ունենան բացօթեայ համերգներ` Երեւանի, մարզերուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, պիտի կազմակերպուին վարպետութեան դասընթացքներ` պարուսոյցներու եւ խմբավարներու համար, պիտի կայանան կլոր սեղաններ, քննարկումներ, հանդիպումներ` քաղաքական, մշակութային, հասարակական գործիչներու հետ: Այս մասին տեղեկացուցին սփիւռքի նախարարութենէն: Անոնք նշեցին նաեւ, որ փառատօնին պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի 29 յունիսին, Զուարթնոց տաճարէն:

«Իմ Հայաստան» փառատօնին հիմնական նպատակն է նպաստել հայ մշակոյթի, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ զարգացման: Փառատօնը հայ մշակոյթի բացառիկ տօն պիտի ըլլայ հայրենիքի մէջ, պիտի կրէ շարունակական բնոյթ եւ պիտի կայանայ տարին երկու անգամ: Յունիս 29-էն յուլիս 10 նախատեսուած են` «Պարարուեստի օրեր», 9-14 օգոստոս` «Երգչախմբային արուեստի օրեր», անհատ կատարողներու ելոյթներ` յունիսէն հոկտեմբեր, սեպտեմբեր 14-18 «Տուտուկի համահայկական փառատօն», 4-6 հոկտեմբերին` «Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողով»:

Նշենք, որ արդէն կը գործէ փառատօնին կայքէջը`:

Նորաձեւութեան Եւ Ձեւագծումի Ազգային
4-
րդ Մրցանակաբաշխութիւն

«Հայաստանի նորաձեւութեան շաբաթ» փառատօնի ծիրին մէջ 25 մայիսին Հայաստանի կառավարութեան նիստերու դահլիճի ճեմասրահին մէջ տեղի ունեցաւ նորաձեւութեան եւ ձեւագծումի բնագաւառին վերաբերող 4-րդ ազգային մրցանակաբաշխութիւնը: Ցուցադրութեան ներկայացուած էին Հայաստանէն, Արցախէն, Ռուսիայէն եւ Թուրքիայէն հաւաքածոներ:

Նախագիծի հիմնադիր Արման Անտոնեան նշած է, որ փառատօնի կազմակերպիչներուն նպատակն է այսպիսի ձեռնարկ կայացնել ամէն տարի եւ կամ` տարին երկու անգամ:

Թուրքիայէն փառատօնին մասնակցող ձեւաւորող, ազգութեամբ հայ Ճուլիա Մութլոն ներկայացուցած է հայկական մօտաւորապէս 80 գաւառներու նկարներու հիման վրայ պատրաստուած տարազներու ցուցադրութիւն: Տասը եւ աւելի տարիներու ընթացքին նախագիծին մասնակցած են բազմաթիւ, անուն ունեցող հայ նկարիչ-ձեւագծողներ եւ աւելի քան 200 աւարտական ուսանող ձեւագծողներ: Փառատօնին հիմնադիրը նշած է, թէ` «Փառատօնը կը նպաստէ նաեւ հայկական նորաձեւութեան ամրապնդման եւ նոր անուններ ի յայտ գալու», հաղորդած է ան:

Ցուցադրութեան ընթացքին ներկայացան տարբեր ոլորտներու յայտնի անհատներ` երգիչ-երգչուհիներ, հաղորդավարներ, դերասաններ, հասարակական գործիչներ: Մրցանակաբաշխութիւնը սկսաւ Սոֆի Դեւոյեանի անուան «Պարի եւ հոգիի» թատրոնի պարային բեմադրութեամբ: Տեղի ունեցաւ նաեւ փոքրերու յատուկ հայկական արտադրութեամբ մանկական հագուստներու ցուցադրութիւն:

Վկայականներ յանձնուեցան վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ նորաձեւութեան եւ ձեւագծումի մարզի զարգացման իմաստով իսկական աւանդ ունեցած տասը ներկայացուցիչներու, որոնց կարգին` Սոֆի Դեւոյեանի եւ Մարի Աքսելին:

Հայկական նորաձեւութեան փառատօնին հրաւիրուած էին հիւրեր եւ մասնակիցներ` տարբեր երկիրներէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարբեր բնագաւառներու գործիչներ` գործարարներ, դեսպաններ, քաղաքական գործիչներ, արուեստագէտներ եւ զանգուածային առաջատար լրատուամիջոցներ:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES