«Պըն Լատենի Բժիշկ» Շաքիլ Աֆրիտի Անտեղեակ Ճատրակի Զինուո՞րն Էր

ԻԼԻԱՍ ԽԱՆ
«Պի. Պի. Սի.»

Շաքիլ Աֆրիտի

Փաքիստանցի բժիշկը, որ կ՛ենթադրուի, թէ օգտագործած է կեղծ լերդաբորբ Պէ. պատուաստումներու արշաւ մը, տարի մը առաջ ստանալու համար Ուսամա Պըն Լատենի ընտանիքի անդամներուն Տի. Էն. Էյ.ի նմուշները, կրնայ անտեղեակ ճատրակի զինուորը եղած ըլլալ Միացեալ Նահանգներու եւ Փաքիստանի միջեւ հետախուզութեան խաղին մէջ:

Տոքթ. Շաքիլ Աֆրիտի ձերբակալուած էր փաքիստանեան գաղտնի սպասարկութեան կողմէ, 22 մայիսին, Պըն Լատենը սպաննած ամերիկեան գաղտնի յարձակումէն 20 օր ետք:

Չորեքշաբթի, 23 մայիս 2012-ին Խայպերի մէջ ցեղախմբային վարչութեան կառավարման պաշտօնատար մը դաւաճանութեան յանցանքին համար 33 տարուան բանտարկութեան դատապարտեց զայն:

Զինուորական պաշտօնատարներ Փաքիստանի մէջ կը հաւատան, որ Աֆրիտի ձեռք ձգած Տի. Էն. Էյ.ի նմուշները կրնան առաջնորդած ըլլալ ամերիկացիները Պըն Լատենի թաքստոցը:

Հարցումը այն է, որ եթէ ան իսկապէս մտածած է, որ Փաքիստանի ապահովական կառոյցին վնաս պատճառած է, ինչո՞ւ ան երկիրը չլքեց զինք յայտնաբերելու փաքիստանցիներուն 20-օրեայ ջանքերուն ընթացքին:

Հաւանական բացատրութիւն մը տուաւ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական գործակալութեան` Սի. Այ. Էյ.ի նախկին գործակալ Ռուէլ Մարք Կերեչտ:

«Ես այն տպաւորութեան տակն եմ, որ իրականութեան մէջ տոքթ. Աֆրիտի կրնար ընտրել Փաքիստանէն հեռանալը, եւ թէ` Սի. Այ. Էյ. անոր ներկայացուցած էր այդ ընտրանքը, ան մերժած էր` կարծելով, թէ այս արարքը կրնար ողջունուիլ Փաքիստանի մէջ», ըսաւ ան Պի. Պի. Սի.ին:

Բայց ոչ մէկ միջոց կայ հաստատելու Փաքիստանի գծով Կերեչտի տեսակէտները, որովհետեւ ոչ ոք տրամադրելի է բացատրելու համար, թէ ի՛նչ սխալ բան պատահեցաւ Աֆրիտիի ուղեղին մէջ այդ 20 օրերուն ընթացքին:

«Հրահանգներու Հետեւելով»

Աֆրիտիի ընտանիքը անհետացաւ, Փեշաւարի Հայաթապատ շրջանին մէջ իր բնակարանէն, իր ձերբակալութենէն հազիւ շաբաթ մը ետք եւ այդ ատենէն լրատու միջոցներու համար մատչելի չէ:

Անոր պաշտօնակիցները Խայպերի առողջապահական կեդրոնին մէջ, ուր ան իբրեւ շրջանի վիրաբուժ ծառայած է, բերաննին կղպած են իր գործունէութեան կամ արտայայտած որեւէ կարծիքներու մասին:

Եւ ան բնաւ կանոնաւոր դատավարութեան չէ ենթարկուած, ուր ան կրնար պատմած ըլլալ պատմութեան իր տարբերակը:

Հակիրճ տեսութիւն մը, թէ Աֆրիտի ի՛նչ գիտէր, կամ ի՛նչ չէր գիտեր, տրամադրուած է փաքիստանեան բանակի հանգստեան կոչուած աւագ գնդապետ Շոքաթ Քատիրի կողմէ, որ իր սեփական հետաքննութիւնը կատարեց Ապպոթապատի յարձակումին շուրջը:

Մէջբերելով գաղտնի սպասարկութեան աղբիւր մը` Աֆրիտիի հարցաքննութենէն, Քատիր կը նշէ, որ հաւանաբար Աֆրիտի տեղեակ չէր, թէ ամերիկացիներուն կ՛օգնէ Պըն Լատենի հետքը գտնելու համար:

«Շաքիլ (Աֆրիտի) գաղափար չունէր, թէ ո՛վ կամ ի՛նչ բան կը փնտռէ: Ան միայն վճարուած էր հրահանգներու հետեւելու համար», կը գրէ Քատիր իր զեկոյցին մէջ:

Ըստ իրեն, 2011-ի ապրիլի վերջին օրերուն Աֆրիտի սկսած էր կասկածիլ, որ Ապպոթապատի համալիրին մէջ կրնար մեծարժէք թիրախ մը ըլլալ, բայց տակաւին չէր գիտեր, թէ ո՛վ էր ան:

Քատիր չի պարզաբաներ, թէ արդեօք Աֆրիտի անդրադարձա՞ծ էր, որ ինք կ՛աշխատի Սի. Այ. Էյ.ի համար:

Եթէ Քատիրի տեղեկութիւնը ճիշդ է, ապա ատիկա կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ Աֆրիտի չէր շտապեր Փաքիստանէն հեռանալու: Ակնյայտօրէն Աֆրիտի շատ բան չէր գիտեր:

Եւ ատիկա նաեւ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ անոր դէմ բանտարկութեան վճիռ արձակուեցաւ ցեղախմբային շրջանի վարչական պաշտօնատարի մը կողմէ` փոխանակ զայն դատելու փաքիստանեան սովորական դատարանի մը մէջ:

«Սակարկութեան Քար»

Փաքիստանի ցեղախմբային վարչական շրջանները, որոնց մէկ մասն է Խայպեր, հիմնականին մէջ Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի միջեւ ապահովական գօտի է եւ աֆղան տարածքէն բրիտանական գաղութատիրական իշխանութիւններու կողմէ ստեղծուած էր իբրեւ պատուար` բրիտանական Հնդկաստանէն ներս ռուսական հաւանական ներխուժումի մը դէմ:

Ցեղախմբային շրջանները կը կառավարուին Փաքիստանի կողմէ, քաղաքական պաշտօնատարի մը միջոցով, որ կը գործէ իբրեւ գերագոյն կառավարիչ եւ դատաւոր:

Անոր պաշտօնավարութիւնը կեդրոնացած է Փաքիստանի շահերու պահպանութեան վրայ, շրջանի մը մէջ, որ այլապէս կը կառավարուի իր սեփական սովորութային օրէնքով եւ հիմնականին մէջ ինքնավար է:

Դատական իրաւասութիւններու, լիազօրութիւններու ծիրին մէջ ան յաճախ կը գործէ իբրեւ զինուորական ատեան, ինչպէս նաեւ հազուադէպ պարագաներու` դատավարութիւններու արձանագրութեամբ, ձայնագրութիւնով, առանց փաստահաւաք պատշաճ մեքանիզմի եւ առանց թափանցիկութեան:

Սովորական ատեանի մը մէջ դատավարութիւն մը կրնայ ամիսներ տեւել` ներառելով պատշաճ ամբաստանագիր, վկաներ եւ փաստաբաններ, բոլորն ալ` պատկերասփիւռի տեսախցիկներուն լոյսին տակ:

Բայց Խայպերի մէջ քաղաքական պաշտօնատարը այնպէս ըրած է, ապահոված է, որ ատիկա գաղտնի մնայ եւ արագ ընթանայ:

Օրինակ, չկայ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, ուր կը յայտարարուի Աֆրիտիի դատավճիռը, չկայ մեղադրագիր եւ ոչ մէկ բացատրութիւն, թէ ո՛վ ձերբակալեց զայն եւ տարի մը տեւած կալանաւորման շրջանին ո՛ւր մնաց:

Ըստ վերլուծաբաններու, Փաքիստանի պետական կառոյցը ասիկա ըրած է, ոչ միայն արհամարհելու համար ամերիկացիները, այլեւ` Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական առաքելութիւններուն մէջ գործող փաքիստանցիներուն պատգամ մը յղելու, որպէսզի չկրկնեն տոքթ. Աֆրիտիի «սխալը»:

Անոնք նաեւ կը մատնանշեն Փաքիստանի մէջ մնայուն եւ յարատեւ զգացում մը, որ որոշ պահու մը պէտք է արեւմտեան դաշնակիցներու հետ ցանկապատերը պէտք է սրբագրել, որուն պարագային Աֆրիտիի ազատ արձակումը կրնայ բանակցութիւններու կամ սակարկութեան քարերէն մէկը ըլլալ:

Իսկ երբ ատիկա պատահի, Խայպերի Փախտունխվա նահանգի կառավարիչը օրինական կերպով կրնայ հրահանգել Աֆրիտիի ազատ արձակումը:

 

Share this Article
CATEGORIES