Ստրուկներ` Իրաքի Մէջ Սեփական Բանակներուն. Աժան Մարդուժ` Ուկանտայէն. Բ. Մաս

ԱԼԵՆ ՎԻՔԻ
«Լը Մոնտ Տիփլոմաթիք»

Սպասարկութիւններու Դադրեցում

Շաբաթներու թաւալումին հետ անոնք բացայայտեցին, որ թշնամին նաեւ կրնայ ըլլալ իրենց իսկ սեփական միաւորէն ներս. իրենց պոսերը շատ աւելի ծանր աշխատցուցին զիրենք, քան կ՛արտօնուէր պայմանագիրով, զիրենք մղելով իրենց դիմացկունութեան սահմաններէն անդին: Ոմանք օրական 15 ժամ աշխատեցան: Ուկանտայի մէջ անվճար արձակուրդի օրերը, որոնք իրենց խոստացուած էին 12 ամսուան աշխատանքի ամբողջացումէն ետք, շարունակաբար կը յետաձգուէին: Շարք մը նախկին ԵԵՔ-եր ինծի ըսին, որ իրենք մնայուն ճնշումի տակ ապրած են, սարսափած, նոյնիսկ գիշերները. «Ոչինչ կրնաք ըսել: Անոնք կեանքի եւ մահուան ուժը ունին ձեր վրայ: Անոնք ձեզ կրնան իրենց ուզած որեւէ վայրը ղրկել, ամէնէն վտանգաւոր դիրքը, եթէ կարծեն, թէ դուք խնդրայարոյց անձ մըն էք»:

ՍՕՔ ամէնէն կատարեալ միջոցը ունէր վերահսկելու անհնազանդ կամ ըմբոստ նկատուած ԵԵՔ-երը` առանց խզման հատուցում վճարելու դադրեցնելով պայմանագիրը եւ զանոնք տուն ճամբելով: Պայմանագիր մը, որ ես ստացած եմ ՍՕՔ-էն, կը թուարկէ 21 տեսակ անընդունելի վարք ու բարք, որոնք կրնան յանգեցնել կարգապահական միջոցառումներու: Այս փաստաթուղթին մէջ «ծառայութեան դադրեցում»-ը վերջին քայլն է, շարք մը այլ միջոցառումներէ ետք, սկսած` գրաւոր զգուշացումէ, մինչեւ 5 օրուան անվճար կախակայում: Գետնի վրայ իրականութիւնը շատ աւելի բիրտ էր: Պայմանագիրին մէջ ՍՕՔ իրեն կը վերապահէ իրաւունքը` «առնելու կարգապահական այլ քայլեր, չարձանագրուած օրէնքներու կամ քաղաքականութեան խախտումներու պարագային»: Նախկին զինուորագրուած մը ինծի ըսաւ. «Դուք կրնաք ազդարարագիր մը ստանալ,… որովհետեւ… դուք չէիք կրած ձեր սաղաւարտը աշխատանքի ժամէն դուրս, եւ անոնք ձեզ կը զրկեն երկու շաբթուան աշխատավարձէ: Եւ դուք տակաւին պէտք է աշխատիք: Մենք կը վախնայինք աշխատանքէ զրկուելէ, ուրեմն մեր բերանները փակ կը պահէինք»: Պայմանագիրին մէջ վարքի մասին օրէնքը աշխատաւորէն կը պահանջէ «պահպանել Ուկանտայի Հանրապետութեան իտէալները» եւ` «զերծ մնալ արտերկրի մէջ Ուկանտայի դիմագիծը արատաւորելէ»:

ՍՕՔ-ի պայմանագիրը նաեւ կը նախատեսէ «աշխատանքի դադրեցում», եթէ աշխատաւորները որեւէ 4 ամսուան ժամանակամիջոցի մը մէջ հիւանդութեան, վիրաւորուելու կամ արկածի պատճառով անկարող ըլլան 30 կամ աւելի օրեր չաշխատելու: Պեռնար արտօնեալ էր, որովհետեւ կ՛աշխատէր ՍՕՔ-ի գրասենեակներուն մէջ, բայց տեսած է տասնեակներով իր հայրենակիցներուն աշխատանքէ վտարումը կամայական գնահատումով` առողջական խնդիրներու համար: Ան ըսաւ.

«Փոշոտ եւ երկար փոթորիկներու ընթացքին անոնք ականջի կամ քիթի բորբոքում կ՛ունենային: Անոնք աչքի, նոյնիսկ թոքերու խնդիրներ կ՛ունենային: Երբ անոնք բուժումի համար կը դիմէին, միայն ասփիրին կը ստանային: Եւ երբ անոնք կը վերադառնային, որովհետեւ ատիկա զիրենք չէր բուժեր, կրնային աշխատանքէ արձակուիլ: ՍՕՔ չէր ուզեր որեւէ տեսակի վճարում կատարել առողջապահութեան: Ինչպէս որ մեզի կ՛ըսէին` իրենք հոն էին դրամ շահելու համար»:

Անցեալ ամառ Պեռնարին ծունկը սկսաւ ցաւիլ: ՍՕՔ-ի «բժիշկ» մը իրեն քորթիզոնային դեղեր տուաւ, որ հարցերը աւելի վատթարացուց: Դէմքին մորթը սկսաւ կեղւուիլ: «Ես այլ բժիշկ մը տեսայ, կամ` այսպէս կոչուած բժիշկ մը, որ սկսաւ կուկըլի մէջ տեղեկութիւններ փնտռել»: Քանի մը շաբաթ ետք Պեռնարին պայմանագրութիւնը աւարտեցաւ: Ան 20 օր տարանցիկի վիճակի մէջ մնաց, Պաղտատի ճամբարին մէջ լքուած, մինչեւ որ վերջապէս օդանաւ բարձրացաւ Քամփալա մեկնելու: Ատիկա անցեալ աշնան էր եւ իրեն հանդիպելէ միայն 10 օր առաջ: Պեռնար տակաւին իր մօրը հետ չէ տեսնուած` վախնալով, որ մայրը տակնուվրայ կ՛ըլլայ իր դէմքին վիճակը տեսնելով: Բայց Պեռնար պէտք էր տեսնուէր ընտանեկան բժիշկին հետ: «Ես իրեն ըսի, ի՛նչ դեղ տուած էին ինծի: Ան ըսաւ, որ ատիկա վատագոյն սխալն է, որ կրնային ըրած ըլլալ, եւ ինծի թելադրեց պայքարիլ առողջութիւնս վերագտնելու համար: Ան դեղերու ցանկ մը տուաւ: Ատիկա ամէնէն մեծ ծախսն էր, որ կը դիմագրաւէի, շուրջ` 117 տոլար: Ես յուսահատօրէն դրամի կարիքը ունէի, որպէսզի շարունակէի բուժումը, բայց Տրեշաք չ՛ուզեր գիտնալ: Եւ ես ոչինչ լսեցի ՍՕՔ-էն»:

Փենթակոնի հետ պայմանագիր կնքած ՌՍԸ-երու համար աշխատող բոլոր օտարերկրացի քաղաքայիններուն նման, Իրաքէն հայրենիք վերադարձած հիւանդ կամ վիրաւոր ուկանտացիներ սկզբունքով ապահովագրուած են Պաշտպանութեան խարիսխի օրէնքով: Ատիկա կ՛երաշխաւորէ, որ անոնց գործատէրերուն ու ապահովագրութիւնը պիտի փոխհատուցէ իրենց բժշկական ծախսերը: Ատիկա նաեւ կը նախատեսէ հաշմանդամութեան վարձատրութիւն` առաւել ցաւալի պարագաներու: «Բայց շատ յաճախ ուկանտացիներ չեն ստանար բժշկական օգնութիւն կամ հաշմանդամութեան վարձատրութիւն, որոնց արժանի են», ըսաւ ամերիկացի փաստաբան Թարաք Քողլին:

Հաշուի Կանչելով Ապահովագրողները

Երկու տարի առաջ Քուղլին` Իրաքի մէջ ամերիկացի զինուորներուն աջակցող քրիստոնէական կազմակերպութեան մը մէկ անդամը, բացայայտեց, որ ուկանտացիներ կը գործեն «մեր տղոց» կողքին: Օգտագործելով իր սեփական դրամը (իր յաճախորդները չէին կրնար վճարել ծախսերը բժշկական քննութեանց, որոնք անհրաժեշտ են պատրաստելու համար իրենց պահանջները հաստատող թղթածրարը): Քուղլին Միացեալ Նահանգներու աշխատանքի նախարարութիւն տարաւ Իրաքէն հիւանդ կամ վիրաւոր վերադարձած 30 քիէյօներու պարագաները: Ատոնք կը ներառեն ուկանտացի կիներ, որոնք կը տառապին չափազանց ծանր գործիքներ, սարքեր շալկելու պատճառով յառաջացած մկանային ցաւերէ: Քուղլին բողոքագիրեր ներկայացուց ԷՕՏԹ, ՍՕՔ, Սապր եւ Թրիպլ Քանոփի ընկերութիւններուն եւ անոնց ապահովագրութեան ընկերութիւններուն, ներառեալ` «Ամերիկեան միջազգային խումբի» (Էյ. Այ. Ճի.) ընկերութեան դէմ: Ի վերջոյ ան շեշտեց, որ ապահովագրական ընկերութիւններն են, որոնք կը մերժեն ուկանտացիներուն բժշկական օգնութիւն եւ փոխհատուցում տալ:

Քուղլին արդէն իսկ երկու անգամ Ուկանտա այցելած է: Ան աշխատած է զգուշութեամբ եւ նրբօրէն: Նախ, նոյնպէս Իրաքէն վերադարձած նախկին քիէյօյի մը օգնութեամբ, ան զոհեր կը փնտռէ. «Մէկ խնդիրը այն է, որ հայրենիք վերադարձող վիրաւոր ուկանտացիներէն շատեր նիւթապէս ի վիճակի չեն բնակելու Քամփալայի կամ այլ մեծ քաղաքներու մէջ, հետեւաբար անոնք կը վերադառնան իրենց գիւղերը` առանց գիտնալու, թէ ինչպէ՛ս օգնութիւն կրնան ստանալ (Միացեալ Նահանգներու օրինական համակարգէն)… Իմ գնահատումովս, քանի մը հարիւր ուկանտացիներ կան, առնուազն, որոնք վիրաւորուած են: Եւ այդ գնահատումը կրնայ պահպանողական ըլլալ»:

Քուղլին ապա պէտք է յաղթահարէր անոնց կասկածը եւ սպիտակամորթ օտար կնոջ մը հետ խօսելու ամչկոտութիւնը, շփոթը: Իր յաճախորդներէն շատեր ճնշումի ենթարկուած են չզեկուցելու համար իրենց վիրաւորուած ըլլալը:

«Ես յաճախորդ մը ունէի, որ վիրաւորուած էր եւ իր գործատէր պոսը սպառնացած էր զինք Ուկանտա վերադարձնել «դիապարկի պայուսակի» մէջ, եթէ ինք իր վիրաւորուած ըլլալուն մասին զեկուցէր»:

Եւ երբ իրենք բժշկական խնամք ստացած են Իրաքի մէջ, իրենց բժշկական արձանագրութիւնները յաճախ բռնագրաւուած են իրենց պոսերուն կողմէ` նախքան Ուկանտա վերադառնալու արտօնութիւն ստանալը: Քուղլին եւ իր յաճախորդները պէտք է կրկին զերոյէն սկսէին: Անոնք նաեւ պէտք էր արագ շարժէին. Իրաքէն վերադարձող քիէյօները միայն 12 ամիս ունէին բողոք-դիմում ներկայացնելու:

Քուղլին նաեւ պէտք էր պայքարէր ապահովագրական ընկերութիւններու հաստատած հզօր մեքենային դէմ, որ կը հասնէր մինչեւ Ուկանտա: ԱՄԽ կ՛օգտագործէ քննիչներ, ինչպէս` Թանժիր Միջազգային ընկերութիւնը (Մալթա), վիճարկելու համար դիմումները: Ըստ Քուղլինի, որոշ քննիչներ խիստ կասկածելի բարոյագիտութիւն ունին: Այլ քննիչ ընկերութիւն մը կապի մէջ մտած է Քուղլինի յաճախորդներէն մէկուն հետ եւ փորձած է զայն տանիլ իրենց սեփական բժիշկին, երկրորդ կարծիքի համար: Այլ յաճախորդ մը ֆիզիքապէս անկարող եղած է աշխատելու, Իրաքէն վերադառնալէ ետք (ան խորհրդաւոր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած է աշխատանք առաջարկող, պարզապէս ստուգելու համար, թէ ան պիտի ընդունի՞): Նկատի առնելով Ուկանտայի մէջ բժշկական մասնագէտներու սակաւաթիւ ըլլալը, Քուղլին մտահոգուած էր, որ ինք օր մը պիտի հանդիպի բժիշկի մը, որ կը վարձատրուի ապահովագրական ընկերութիւններու կողմէ: Քննիչներու դիմակայումը, ըսաւ Քուղլին, իր աշխատանքին ամէնէն դժուար կողմերէն մէկն է:

Ուկանտայի աշխատանքի նախարարութիւնը կը կարծէ, թէ 2005 թուականէն ի վեր Իրաք մեկնած այրերն ու կիները իրենց ընտանիքներուն պէտք է աւելի քան 90 միլիոն տոլար ղրկած ըլլան: Ասիկա աւելին է, քան Ուկանտա կը շահի սուրճէն, որ իր հիմնական արտադրութիւնն է: Բազմաթիւ պարագաներու, Միջին Արեւելքի մէջ աւելի քան տարի մը անցուցած մարդիկ, որոնց ես հանդիպեցայ, միջին հաշուով խնայած են նուազ քան 1300 տոլար: Իրենց վճարումը, ուկանտական շիլինկով, Քամփալայի Քրէյն դրամատան մէջ սառած, մինչեւ իրենց վերադարձը չքացած է փոխարժէքի վնասներուն, եւ իրենց արտասահման գտնուած ատեն Ուկանտան հարուածած սղաճին պատճառով (աւելի քան 40 առ հարիւր, 2011-ին): «Տրեշաք մեզ զինուորագրեց, մեզ ՍՕՔ-ին վաճառեց եւ եկամուտները գրպանեց: Օրուան վերջաւորութեան մենք միայն պիստակներ ունեցանք: Հիմնականին մէջ մենք ժամանակակից ստրկութեան ենթարկուեցանք»:

Պատերազմական պայմանագրութեան մասին յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան 2011-ին զեկուցեց, որ` «պատահարներու պայմանագրութեան մէջ խախտումները կը շեշտեն Միացեալ Նահանգներու վարկը, հեղինակութիւնը արտերկրի մէջ, եւ կ՛ունենան այն տեսակէտը, որ մինչ ամերիկեան ուժերուն թիւը կը նուազի, կապալառուներու թիւը կրնայ աւելնալ, առնուազն` կարճ ժամանակի համար, որովհետեւ տարիներ (եթէ երբեւէ) անհրաժեշտ են, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու ուժերը ամբողջովին հեռանան Իրաքի եւ Աֆղանիստանի գործողութիւններէն»: «Ուժի շուկան» չի կրնար ցամքիլ մօտիկ ապագային: Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու 16 հազար պաշտօնեաները պաշտպանելու համար արտաքին գործոց նախարարութիւնը վարձած է 8 ամերիկեան ՌՍԸ-եր, 10 միլիառ տոլար արժողութեամբ, որպէսզի անոնք 5500 «կապալառուներու» բանակ մը զինուորագրեն: Թրիփըլ Քանոփի պիտի պաշտպանէ դիւանագէտները, իսկ ՍՕՔ կայուն անվտանգութիւն պիտի ապահովէ հինգ տարուան համար` փոխան 973 միլիոն տոլարի: Ասքար այժմ նաեւ կը գործէ Աֆղանիստանի շուկային մէջ: Ընկերութեան տնօրէնը` Քելլեն Քայոնկա կ՛ըսէ, որ աւելի քիէյօներ հաւանաբար զինուորագրուին: Իրաքէն վերադարձողները կը հաւատան, որ Պաղտատէն Քապուլ, եւ վաղը հաւանաբար` Մոկատիշու, միշտ պատրաստ ուկանտացիներ պիտի ըլլան միանալու համար այս «սեւ ուժերուն… սղաճին, կրթաթոշակներու յաւելումին… սննդամթերքի գիներու յաւելումին պատճառներով…», «Ասիկա մեր սիրած բանը չէ, բայց մենք ապրուստի դրամ պէտք է շահինք…»:

(Վերջ)

Share this Article
CATEGORIES