Ժիւտօ. Ռազմիկ Տոնոյեան` Ուքրանիոյ Բաժակակիր
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ Սումա քաղաքին մէջ աւարտած է Ուքրանիոյ ժիւտոյի բաժակի մրցաշարքի բաց ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին դարձեալ բաժակակիր հանդիսացած է ուքրանահայ մարզիկ Ռազմիկ Տոնոյեան:
Ան, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով հանդիսացած է բաժակակիր, սակայն այս անգամ` ծանր դասակարգի մրցումներուն: 2011-ին ան իր մասնակցութիւնը բերած էր 100 քկ դասակարգին եւ հանդիսացած բաժակակիր, կը յայտնէ analitika.ay.ua:
Նշենք, որ ուքրանահայ Տոնոյեան ընդհանրապէս կը հանդիսանայ տարբեր մակարդակի մրցումներու բազմակի յաղթող եւ մրցանակակիր:
CATEGORIES Մարզական

