2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Լիբանան – Ուզպեքիստան Մրցումին Տոմսակները Սկսան Ծախուիլ

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ Լիբանան – Ուզպեքիստան 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին տոմսակները արդէն իսկ սկսած են ծախուիլ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Վերտեն), առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 16:00:

Տոմսակ գնել փափաքողները կրնան այցելել նաեւ Մարզական աւանի կիշէն, յետմիջօրէի ժամը 14:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 21:00:

Տոմսակներուն գիները կը մնան նոյնը, ինչ որ էր նախանցեալ օր ծախուած Լիբանան – Քաթար մրցումին:

Սովորական թրիւպիւնին տոմսակներուն գինն է 10 հազար լիբանանեան ոսկի, 15 հազար լիբանանեան ոսկի` Ա. դասակարգին համար, 50 հազար լիբանանեան ոսկի` պատուոյ թրիպիւնին վերը եւ վարը, իսկ 100 հազար լիբանանեան ոսկի` պատուոյ թրիպիւնին համար:

Այլ գետնի վրայ, հինգշաբթի, 7 յունիսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ (Պէյրութ) տեղի պիտի ունենայ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը երկու խումբերուն մարզիչներուն եւ խմբապետներուն կողմէ, որոնք անկէ ետք պիտի պատասխանեն լրագրողներու հարցումներուն:

Նշենք, որ Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունենալիք Լիբանան – Ուզպեքիստան Դ. հանգրուանի մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 8 յունիսին` Մարզական աւանին մէջ: Անիկա պիտի սկսի կէսօրէ ետք ժամը 16:00-ին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES