ՄԻՋՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ ՄՐՑԱՆԱԿԸ ՆՈՒԻՐՈՒԵՑԱՒ «ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»ԻՆ
Կազմակերպութեամբ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, շաբաթավերջին «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջուսանողական զարգացման մրցում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան 8 համալսարաններ` Լիբանանեան ամերիկեան համալսարան (Ժիպէյլ), Պէյրութի ամերիկեան համալսարան, «Նոթրը Տամ» համալսարան, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարան, Հայկազեան համալսարան, Լիբանանեան միջազգային համալսարան, լիբանանեան համալսարան եւ Լիբանանեան ամերիկեան համալսարան (Պէյրութ) յաճախող 48 ուսանողներ` բաժնուած 16 խումբերու:
Շուրջ 2 ժամ տեւած մրցումին ընթացքին, ուսանողներուն հարցուեցան աշխարհագրական, պատմական, մշակութային, քաղաքական, մարզական եւ այլազան հարցումներ:
Զարգացման մրցումին աւարտին առաջին հանդիսացաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի թիւ 1 խումբը` բաղկացած Խաչիկ Հրակ Տեմիրճեանէն, Կարէն Կոտալազեանէն եւ Խաժակ Խաչատուրեանէն: Խումբը 2.5 միլիոն լիբանանեան ոսկիի արժողութեամբ իր մրցանակը նուիրեց «Արցախ Ֆոնտ»ին: Նշենք, որ շահող խումբը իր մրցանակը պիտի նուիրէր իր իսկ ընտրած բարեսիրական հաստատութեան մը:
Մրցանակակիր խումբին տրուեցաւ յուշանուէր մը:
Միջուսանողական զարգացման մրցումին երկրորդ հանդիսացաւ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի խումբը` բաղկացած Արամ Սոմունճեանէն, Արա Քասապեանէն եւ Սանահին Քասապեանէն: Երրորդ` Լիբանանեան համալսարանի խումբը` բաղկացած Սեւակ Թասլաքեանէն, Փաթիլ Դաւիթեանէն եւ Շանթ Ճուլֆայեանէն: Չորրորդ` Հայկազեան համալսարանի թիւ 4 խումբը` բաղկացած` Շաղիկ Չափարեանէն, Պօղոս Մալեանէն եւ Ժան Փոլ Կէօնճեանէն: Հինգերորդ` Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի (Պէյրութ) խումբը` բաղկացած Հրակ Փափազեանէն, Դուին Զէյթլեանէն եւ Մուշեղ Քարավարդանեանէն: