Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ՄՈՒՏՆ Ի ՎԻՐԱՊՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ «ԱՌԱՔԵԼՈՑ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԱՄԵՐԳ
Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ դպրոցներու ընդհանուր վարիչ տնօրէնութեան շաբաթ, 9 ապրիլ 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի` Մուտն ի վիրապն տօնին առիթով Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ` կատարողութեամբ «Առաքելոց» երգչախումբին, նաեւ մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան:
Արդարեւ, մէկ ժամ տեւողութեամբ «Առաքելոց» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գրիգոր սրկ. Ալոզեանի, մեկնաբանեց շարականներու փունջ մը, իսկ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, որ կը բովանդակէր երգ, արտասանութիւն, նուագ, Աստուածաշունչի ընթերցում:
Համերգի աւարտին խօսք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ տնօրէն Ղեւոնդ վրդ. Բենթեզեան: Ան նկատել տուաւ, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տօնը Անթիլիասի Ուխտի օրն է եւ հաւատացեալ ժողովուրդը առիթը կ՛ունենայ համբուրելու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի 1700 տարուան պատմութիւն ունեցող աջը, որ պիտի օրհնէ ժողովուրդը, որովհետեւ հայ ժողովուրդին կեանքն ու առօրեան պայքար է չարին դէմ, պայքար է գոյատեւելու եւ պայքար է յանուն հաւատքին: Ան շնորհաւորական եւ գնահատական խօսք ուղղեց «Առաքելոց» երգչախումբի անդամներուն, որոնք յոյս կը ներշնչեն, որ հայ շարականը տակաւին երիտասարդներուն հոգիին մէջ կ՛եռայ եւ կ՛ապրի իւրաքանչիւր հաւատացեալի հոգիին մէջ: Ան աղօթեց, որ «Առաքելոց» երգչախումբը իր առաքելութեան մէջ հաստատ մնայ եւ շարականը տարածէ ամբողջ աշխարհի մէջ: