ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԵՒ ԲԱՐԵԶԱՐԴՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Հանդիպումին ներկաները

Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին շաբաթ, 9 ապրիլ 2011-ի յետմիջօրէին ժամը 4:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-եռագոյն» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի վերանորոգման եւ բարեզարդման ծրագիրի ներկայացում` կատարողութեամբ Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի, «Ըրպըն Փլենինկ Ինսթիթիւթ»ին եւ գործակցութեամբ «Ըփլայտ Արթց» համալսարանին:

Օրուան հանդիսավարն էր Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի դասախօս Ապտօ Ժամուս: Ան նկատել տուաւ, որ ինք մաս կը կազմէ վերոյիշեալ ծրագիրի աշխատանքներուն: Ան յայտնեց, որ ձեռնարկի ընթացքին բացատրութիւններ պիտի տրուին եւ պիտի ցուցադրուին ծրագիրի գործադրութեան հանգրուանները:

Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան նկատել տուաւ, որ քաղաքը անշարժ եւ նոյն ատեն շարժուն կառոյց մըն է` բացատրելով, որ անշարժ է անոր համար, որ հոն կը տեսնենք միայն քար եւ կուպր, իսկ շարժուն` անոր համար, որ հոն կայ գաղութ մը, որ կ՛ապրի, կ՛աշխատի, կը յառաջանայ: Ճ. Գրիգորեան հաստատեց, որ Պուրճ Համուտի մէջ շինարարութիւնը այնքան շատ է, որ քաղաքը պիտի փակէ` աւելցնելով, որ ամէն տեսակ մարդ կ՛ապրի հոն արհեստներու, համայնքներու, ապրելաձեւի եւ այլ առումներով:

Ան նկատել տուաւ, որ Պուրճ Համուտի մէջ կը բնակի 150 հազար լիբանանցի եւ 20 հազար օտարահպատակ, որոնք կ՛աշխատին զանազան մարզերու մէջ` աւելցնելով, որ Պուրճ Համուտի մէջ կը գտնուին թատերասրահներ, շարժանկարի սրահներ, դպրոցներ, ցուցասրահներ, դրամատուներ եւ այլն: Գրիգորեան դիտել տուաւ նաեւ, որ այս բոլորը կը գտնուին աշխարհագրականօրէն փոքր շրջանի մը մէջ, որն է Պուրճ Համուտը` աւելցնելով, որ այս հարստութիւնը շրջանը կը դարձնէ արեւելքի դուռը, ինչ որ յաւելեալ ուշադրութիւն եւ հոգատարութիւն կ՛ենթադրէ: Շարունակելով իր խօսքը` Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետը շեշտեց, որ քաղաքը կարիքը ունի յաւելեալ պահանջներու, բարեկարգումներու եւ վերանորոգման: Ան հաստատեց, որ նախորդ եւ ներկայ քաղաքապետական խորհուրդները աշխատանք տարած են եւ կը տանին այս ուղղութեամբ` դիմելով մասնագէտներու, որոնց ցուցմունքներուն հիման վրայ սկսած են ծրագրուիլ որոշ փոփոխութիւններ կարգ մը շրջաններու մէջ` աւելցնելով սակայն, որ այս աշխատանքները բաւարար չեն, որովհետեւ քաղաքը կը դիմագրաւէ որոշ դժուարութիւններ, որոնց լուծում պէտք է գտնել:

Աւարտին Ճ. Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանին, ինչպէս նաեւ Վիեննայի խմբակին իրենց գործակցութեան համար` սոյն ծրագիրի յաջողութեան մէջ:

Այնուհետեւ խօսք առաւ համալսարանի ճարտարապետական բաժանմունքի տնօրէն Մարուն Տաքքաշ: Ան հաստատեց, որ Պէյրութի մէջ կը գտնուին կարեւոր շրջաններ, որոնց մասին նոր սերունդը պէտք է գիտնայ եւ ճանչնայ անոնց պատմականը: Ան յայտնեց, որ այդ շրջանները սկսած են պարպուիլ, որովհետեւ երիտասարդութիւնը կը նախընտրէ այլ տեղեր ապրիլ, որովհետեւ նման շրջաններ ունին նիւթական եւ ընկերային տագնապներ: Հետեւաբար` անհրաժեշտ է քաղաքապետութեան եւ համալսարանի համագործակցութիւնը, որպէսզի այդ շրջանները բարեկարգուին եւ իրենց կարեւորութիւնը շեշտուի ու բացատրուի նոր սերունդին:

Վիեննայի մէջ սոյն ծրագիրի պատասխանատու Ռայմըր Զէթլըր շեշտեց կարեւորութիւնը նման ծրագիրի մը` Պէյրութի եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի համար: «Ըրպըն Փլենինկ Ինսթիթիւթ»ի տնօրէն Ռաշիտ Շամուն խօսք առնելով ներկայացուց հաստատութեան նպատակը: Ան նկատել տուաւ, որ իրենք կը փորձեն աշխատանք տանիլ  լուծելու բոլոր դժուարութիւնները եւ հարցերը, որոնք գոյութիւն ունին Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ: Մանրամասնօրէն խօսելով ծրագիրին մասին` Շամուն ըսաւ, թէ ծրագիրը կը միտի ստեղծել քաղաք մը, որ ինքզինք պիտի վերանորոգէ եւ վերաշինէ` աւելցնելով, որ այդ քաղաքը պէտք է կարենայ տէր կանգնիլ իր բնակիչներուն: Ան նաեւ բացատրեց, որ իրենք կը փորձեն դարման գտնել եւ նեցուկ կանգնիլ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութիւններուն, քաղաքապետութիւններուն, զբօսաշրջութեան, միջավայրին` հետազօտական որոշ աշխատանքներ տանելով հետեւեալ մարզերուն մէջ. 1) Բնութեան եւ միջավայրի անկում` որոշ ուսումնասիրութիւններ կատարելով հողագործութեան եւ ճարտարարուեստի, զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ, 2) Համագործակցութիւն բոլոր հաստատութիւններուն հետ, 3) Ծրագիրներ եւ ուսումնասիրութիւններ` Լիբանանի բարեզարդման համար, 4) Համալսարանական ուսանողներուն առիթ տալ ուսումնասիրական աշխատանքներ տանելու, 5) Քաղաքը ծրագրուած կերպով բարեզարդել եւ վերաշինել:

Եզրափակելով իր խօսքը` Շամուն շեշտեց, որ անհրաժեշտ է բնակչութեան մասնակցութիւնը ծրագիրի յաջողութեան մէջ:

Աւարտին Վիեննայի եւ Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի ուսանողները «փաուըր փոյնթ»ով ներկայացուցին իրենց կատարած ուսումնասիրական աշխատանքը Պուրճ Համուտի եւ այլ շրջաններու մասին, Աշխատանքին արդիւնքները ցուցադրուած էին նաեւ սրահի մուտքին:

 

Share this Article
CATEGORIES