ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ. ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին շաբաթ, 9 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Աղբալեան- ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ լուսանկարչութեան մրցանքի ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւն եւ մրցանակաբաշխութիւն:
Հաւաքին բացման խօսքը մասնաճիւղի վարչութեան անունով արտասանեց Մարալ Ղարիպեան, որ նշեց, թէ այս նախաձեռնութիւնը երիտասարդութեան քաջալեր հանդիսացող աշխատանք մըն է, քանի որ արուեստը միակ միջոցն է երիտասարդներուն հոգիները ազնուացնելու: Ղարիպեան յոյս յայտնեց, որ այս մրցանքը «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին համար վերածուի աւանդական նախաձեռնութեան մը` յառաջիկային արձանագրելով յաւելեալ նուաճումներ:
Մարալ Ղարիպեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն, ինչպէս նաեւ դատական կազմի անդամներուն` Հրաչ Թոքաթլեանին, Ծովիկ Թորիկեանին եւ Ռազմիկ Տանակէօզեանին, որոնք լրջութեամբ կատարած էին իրենց պարտականութիւնը:
Ապա խօսք առաւ Հրաչ Թոքաթլեան, որ ներկայացուց դատական կազմին կողմէ լուսանկարները արժեւորելու եղանակները: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր մասնակից ներկայացած է երեք լուսանկարներով. մէկը` դիմանկար, երկրորդը` Պուրճ Համուտէն պատկեր մը, իսկ երրորդը` ազատ նիւթ: Թոքաթլեան յայտարարեց օրուան մրցանակակիրներուն անունները: Դիմանկար բաժինին մէջ առաջին հանդիսացան Փերլա Խրլաքեան եւ Մհեր Գրիգորեան, իսկ Պուրճ Համուտին նուիրուած նկարներուն առաջնութիւնը շահեցաւ ՍթեՖանի Ղուկասեան, մինչ երկրորդը` Նարեկ Չերչեան: Թոքաթլեան յայտնեց, որ երրորդ նիւթին գծով մասնակիցներուն պատրաստութիւնները չէին լրացներ ճշդուած պայմանները:
Յայտնենք, որ մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 11 անձեր, որոնք երեքական լուսանկարներով մասնակցած էին: Այս առիթով մրցանակակիրները ստացան համապատասխան նուէրներ: Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց մնաց նաեւ երէկ` կիրակի օր: