ԳԱՀԻՐԻԷ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ Կ՛ԱՆՏԵՍԵՆ ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՄԱՆԸ

Աւելի քան հազար ցուցարարներ երէկ անտեսեցին Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակէն հեռանալու եգիպտական բանակին հրամանը եւ քաղաքային իշխանութեան աւելի արագ փոխանցում ու փտած պաշտօնատարներու աւելի խոր մաքրագործում պահանջող իրենց նստացոյցը 3-րդ օրն ըլլալով շարունակեցին:

Մինչ փշաթելեր փակեցին հրապարակ տանող ճամբաները, ցուցարարներ բացագանչեցին «յեղափոխութի՜ւն, յեղափոխութի՜ւն» եւ զինեալ ուժերու խորհուրդի նախագահ մարաջախտ Մոհամետ Հիւսէյն Թանթաուին ներկայացնող խրտուիլակ մը հրկիզեցին:

Զինուորներով բեռնաւորուած տասնեակ մը զրահապատ մեքենաներ տեղակայուեցան հրապարակին մօտ, սակայն առանց բացայայտ ներկայութեան վերածուելու:

Բանակը ուրբաթ օր ցուցարարները ցրուել ձախողելէ ետք շաբաթ գիշեր հեռացած էր հրապարակէն: Ուրբաթ օր տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին բանակը մահակներ օգտագործած էր եւ կրակ բացած: Արձանագրուած էր 2 զոհ եւ 11 վիրաւոր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES