«ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ԲԱՐԵՓՈԽՄԱՆ ՃԱՄԲՈՎ Կ՛ԸՆԹԱՆԱՆՔ ԵՒ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆՔ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵՆԷՆ ՕԳՏՈՒԵԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ԱՍԱՏ

Սուրիոյ նախագահական պալատին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարար Նիքոլայ Մլատինովի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Դամասկոս համապարփակ բարեփոխման ճամբով կ՛ընթանայ եւ պատրաստ է եւրոպական պետութեանց փորձառութենէն օգտուելու: Հանդիպումին ներկայ գտնուած են աշխատանքներու ամբողջացման սուրիական կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ եւ նախագահի քաղաքական ու մամլոյ հարցերու խորհրդական Պուսայնա Շաապան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շրջանի զարգացումները, մասնաւորաբար այն դէպքերը, որոնք տեղի կ՛ունենան Սուրիոյ մէջ: Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարը այս հարցով ընդգծած է Սուրիոյ ապահովութեան եւ կայունութեան կարեւորութիւնը եւ Պուլկարիոյ զօրակցութիւնը յայտնած սուրիական ղեկավարութեան կողմէ կատարուող բարեփոխումներու հոլովոյթին: Ան այս առումով անհրաժեշտ բոլոր օժանդակութիւնները տրամադրելու իր երկրին պատրաստակամութիւնը յայտնած է:

Նշենք, որ շաբաթավերջին Տարաայի եւ Պանիասի մէջ բռնարարքներ արձանագրուեցան:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն նախագահ Ասատի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնած է, որ «խաղաղ ցուցարարներու մահը անընդունելի հարց մըն է եւ անհրաժեշտ է հետաքննութեան ենթակայ նիւթ դարձնել»: Ասատ Քի Մունը տեղեակ պահած է, որ մտադիր է հարցին շուրջ հետաքննութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ անոր փոխանցած է, որ ցուցարարներ ապահովական ուժերուն դէմ բռնարարքի դիմած են: «Կառավարութեանց դերը քաղաքացիներու պաշտպանութիւնն է, ինչպէս նաեւ յարգել բնակչութեան իրաւունքն ու ազատութիւնները, ներառեալ` խօսքի ազատութիւնն ու խաղաղ հաւաքներ կատարելը», նշած է Ասատ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը պահանջած է, որ ձերբակալուած ցուցարարները «կարելի եղածին չափ շուտ» ազատ արձակուին, ինչպէս նաեւ տեղեկացած է Ասատի յայտարարած բարեփոխումներուն մասին եւ համոզում յայտնած, որ «համապարփակ բարեփոխումներու շուրջ անմիջական եւ համապարփակ երկխօսութիւնը այլընտրանք չունի»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քեթրին Էշթըն իր կարգին Սուրիայէն պահանջեց վերջ տալ ցուցարարներուն դէմ բռնարարքներուն եւ բարեփոխումներ կատարելու հոլովոյթին «հիմա» սկսիլ:

Սուրիոյ աշխատանքներու ամբողջացման կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ «խափանարարներ քաոս ստեղծելու եւ Սուրիան բռնարարքներու մէջ ներգրաւելու համար կրակ բացած են ցուցարարներու վրայ»:

 

Share this Article
CATEGORIES