Զուիցերիա. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Եւ Սփիւռքահայ Կնոջ Դերին Անդրադարձ` Զուիցերիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան Կազմակերպութեամբ
Ա. Ե.
Զուիցերիոյ Հայ օգնութեան միութեան պատասխանատու անդամները մտածումը ունեցան կազմակերպելու, ապրիլ ամսուան ընթացքին, Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած երկու ձեռնարկներ, որոնք ունէին մէկ կողմէ Հայ դատի պահանջատիրութեան գծով տարուող աշխատանքներուն ծանօթանալու բնոյթ, իսկ միւս կողմէ` կ՛առաջադրէին իբրեւ հայուհիներ խօսիլ, ընդգծե՛լ հայ կնոջ դերը սփիւռքի մէջ, նաեւ առիթ էին անդրադառնալու, թէ ի՛նչ կը սպասուի սփիւռքահայ կնոջմէ, մանաւանդ` ի՞նչ են անոր պարտաւորութիւնները:
Առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 28 ապրիլին, Զուիցերիոյ գերմանախօս Օպերենթֆելտըն շրջանի Հայ դպրոցական միութեան կեդրոնին մէջ: Երկրորդ ձեռնարկը, նոյն նիւթերով, տեղի ունեցաւ յաջորդ օրը` կիրակի, 29 ապրիլին, Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայկական կեդրոնին մէջ:
Այս առիթով Զուիցերիոյ Հայ օգնութեան միութիւնը հրատարակած իր յայտարարութեամբ կ՛ըսէր.
«Աւելի քան 100 տարիներէ ի վեր, մարդասիրական եւ ընկերային մարզերու մէջ տարած իր գործունէութեամբ, Հայ օգնութեան միութիւնը զիրար կը միացնէ ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած հայ համայնքները: Իր կարգին, Զուիցերիոյ Հայ օգնութեան միութիւնը կը նպատակադրէ միացնել, քով-քովի բերել Զուիցերիոյ հայերը: Այս տարի եւս կը հրաւիրենք Զուիցերիոյ հայ հանրութիւնը` մեր քանի մը ձեռնարկներուն:
1.- «Հայոց ցեղասպանութեան նշումի գծով դասախօսական ձեռնարկ, ուր պիտի դասախօսեն Երուսաղէմի Հայ դատի յանձնախումբի գործօն անդամ տոքթ. Ժորժեթ Աւագեան եւ Յունաստանի Հայ կապոյտ խաչի անդամ Էվա Պէրպէրեան:
2.- «Աւանդութիւն դարձած ՀՕՄ-ի օրը, կիրակի, 6 մայիսին, Զուիցերիոյ գեղատեսիլ շրջաններէն Զոլլիքոֆընի մէջ»:
Կազմակերպիչ միութիւնը իր այս հրաւէր-յայտարարութիւնը նամակատան ճամբով ուղարկած էր բազմաթիւ ընտանիքներու` միշտ նպատակ ունենալով Զուիցերիոյ հայութիւնը քով-քովի բերելու եւ առիթը տալու փոքրաթիւ հայ գաղութը հետաքրքրող նիւթերու շուրջ տեղեկութիւններու փոխանցման:
Այս ձեռնարկներուն բացումը կատարեց Զուիցերիոյ Հայ օգնութեան միութեան ատենապետուհի Արմիկ Երոմեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց դասախօսները, ապա հրաւիրեց զանոնք` ներկայացնելու իրենց նիւթերը:
«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը. Իսրայէլի տեսակէտը» նիւթը ներկայացուց Երուսաղէմի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժորժեթ Աւագեան` մանրամասն կերպով անդրադառնալով Երուսաղէմի մէջ, Քնեսեթի մէջ տարուող ճիգերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ Ցեղասպանութիւնը ճանչցնել տալ Իսրայէլի կողմէ: Ժ. Աւագեան այս գծով փոխանցեց շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ, որոնք բոլոր ներկաներուն համար նորութիւն էին: Ականատեսի եւ այս աշխատանքներուն լաւատեղեակ գործօն անդամի անոր տուած տեղեկութիւնները, ապրուած օրինակները մեծ հետաքրքրութեամբ ընկալուեցան ներկաներուն կողմէ: Թուրք եւ ազերի պետութեանց կողմէ տարուող հակահայ հսկայական քարոզչութեան դիմաց, Հայ դատի յանձնախումբերուն լուրջ եւ հետեւողական աշխատանքին ներկայացումը, ներկայ հանրութեան համար, տեղեկատուական իմաստով մեծ արժէք ունէր, մանաւանդ որ դասախօսը ի՛նք այս հարցերուն քաջածանօթ եւ թափուող ճիգերուն մէջ յատուկ բաժին ունեցող անձ մըն է: Դասախօսութեան յաջորդեցին հարցումներ` յաւելեալ լուսաբանութիւններ ունենալու համար համայն հայութիւնը յուզող Հայ դատի հետապնդումի աշխատանքներուն մասին:
Ձեռնարկին երկրորդ նիւթը կը վերաբերէր հայ կնոջ: Զուիցերիոյ Հայ օգնութեան միութիւնը` իբրեւ կնոջական կազմակերպութիւն, մտածումը ունեցած էր հայ կնոջ դերին անդրադարձող նիւթ մը ներկայացնելու Զուիցերիոյ հանրութեան: Այս նիւթին ներկայացման համար Աթէնքէն հրաւիրուած էր Էվա Պէրպէրեանը, որ անդրադարձաւ սփիւռքահայ կնոջ դերին` հայ կեանքին մէջ:
Ան նախ եւ առաջ սահմանեց, թէ` «Ո՞վ ենք մենք` իբրեւ կիներ եւ իբրեւ սփիւռքահայ կիներ», ապա անդրադարձաւ սփիւռքահայ կնոջ դերին, միջազգային կազմակերպութիւններու կեդրոն հանդիսացող Զուիցերիոյ նման երկրի մը մէջ հայ կնոջ կարելիութիւններուն, եւ իր խօսքին վերջին բաժնով, ընդգծելէ ետք նոր սերունդին մայրենի լեզուի ծանօթացման կարեւորութիւնը, շեշտեց հետեւեալը.
«Ներկայիս դժբախտաբար հայ ընտանիքներուն, դպրոցներուն եւ միութիւններուն մէջ ազգային արժէքներու հանդէպ անտարբերութիւն գոյութիւն ունի: Եւ մեր, առաւելաբար կիներո՛ւս պարտականութիւնն է տուներու, դպրոցներու, միութիւններու մէջ ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ, որ նոր սերունդը մօտենայ այն կառոյցներուն, որոնք մեր ժողովուրդին շարունակականութիւնը եւ հոգեմտաւոր մակարդակին բարձրացումը կ՛ապահովեն:
«Մեզմէ կը սպասուի ներարկում. հայեցիութի՛ւն ներարկենք նոր սերունդին»:
Բանախօսը նաեւ ընդգծեց, որ հայ երիտասարդին կազմաւորումը կը սկսի մեր տուներէն: «Տան մէջ հայ կնոջ հայեցի մթնոլորտ ստեղծելու եւ ազգային դաստիարակութիւն փոխանցելու առաքելութիւնը կը շեշտուի մանաւանդ այն պարագաներուն, երբ մեր զաւակը հայկական դպրոց չ՛երթար, բայց կ՛ապրի հայ ընտանիքի մէջ»:
Իր խօսքի աւարտին, ան ահազանգ հնչեցուց` անդրադառնալով հայոց լեզուի կորուստի վտանգին. «Մեր լեզուն վտանգուած է,¬ ըսաւ ան,¬ եւ ասիկա ըսողը ԵՈՒՆԵՍՔՕ¬ն է, որուն կողմէ իսկ յայտարարուած է, թէ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին 6700 լեզուներ, որոնք տակաւին խօսակցական լեզու են: Ապրող այս լեզուներուն կէսը մինչեւ այս դարուն վերջը (կամ կ՛ըսուի նաեւ` մինչեւ 50 տարի) պիտի դադրի գործածական ըլլալէ եւ իբրեւ ապրող լեզու գոյութիւն ունենալէ: Այսինքն 3500 լեզուներ պիտի չխօսուին այլեւս: Եւ այդ լեզուներուն մէջ է հայերէնը, արեւմտահայերէնը»:
Հայոց լեզուի պահպանումին, տան մէջ հայկական մթնոլորտի ստեղծումին եւ այլ մարզերու մէջ սփիւռքահայ կնոջ դերին անդրադարձող դասախօսութեան աւարտին եղան հարցումներ ու զրոյց:
Ժընեւի ձեռնարկին վերջին բաժնով ցուցադրուեցան, հայոց պատմութեան գլխաւոր դէմքերու ներկայացման ճամբով, հայկական տոհմիկ տարազներ, որոնք պատրաստուած էին «Հայուհու խորհուրդ» ընդհանուր թեմայով, եւ որոնք իրենց կարգին ամբողջացուցին Հայկական հարցին, հայ կնոջ դերին նուիրուած հայկական այս յիշատակելի «օր»-ուան մթնոլորտը:

