«Լոյս Ստուերների Համար». Ինքնակենսագրական Վիպակ (Հեղինակ` Եսթեր Դաւիթեան)

2011-ին, Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքի «Երեւան» տպարանէն լոյս տեսաւ բանաստեղծուհի Եսթեր Դաւիթեանի «Լոյս ստուերների համար» խորագրեալ ինքնակենսագրական վիպակը:

Հեղինակը ցարդ հրատարակած է հետեւեալ երեք չափածոյ երկերը. «Քառակուսուց դուրս» (2003), «Երջանկութիւնը իմ տանն է ապրում» (2004) եւ «Ապրել ինչպէս ծառ» (2007):

Եսթեր Դաւիթեան կ՛ըսէ, թէ իր հայրը ծնած է Ատանա ու Մեծ եղեռնի ջարդերէն փրկուելով` ապաստանած է Լիբանան եւ 1946-ին ներգաղթած` Հայաստան:

Ձեռնարկելով սոյն ինքնակենսագրական վիպակին` հեղինակին նպատակն է գրել կեանքի պատմութիւնը այն հայուն, որուն արմատներէն ճիւղաւորուած են Պաստրմաճեան եւ Գոնտուրուճեան գերդաստանները:

Այս նպատակը կենսագործելու համար Եսթեր Դաւիթեան զարկ կու տայ իր յիշողութեան: Կը հաւաքէ նաեւ կարգ մը խունացած լուսանկարներ, որպէսզի քաղէ անոնցմէ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ` 1915 թուի արիւնոտ եղելութեանց մասին:

Կ՛ըսէ, թէ տարագրութեան օրերուն իր մայրը կը փոխադրուի Ատանայէն Պէյրութ եւ, ապա, կու գայ Հայաստան:

Հեղինակը իր գերդաստանի պատմութեան մօտէն կը ծանօթանայ, 1972-ին, երբ հրաւիրուելով իր ազգականներու կողմէ` մէկ ամիս կը մնայ իր ծննդավայրին` Պէյրութի մէջ: Արդարեւ, 1972 տարուան դեկտեմբերէն մինչեւ յունուար 1973 ան կը վայելէ Ամանորի ուրախ պահեր եւ կ՛այցելէ Լիբանանի տեսարժան վայրերը: Հաճոյքով կ՛իմանայ, թէ Վարդանիկ Գոնտուրուճեանը` մեծ մօրը եղբօր անդրանիկ զաւակը, կը հանդիսանար իրենց գերդաստանին նահապետը, որ կու տայ Եսթերին շահեկան ծանօթութիւններ Կեսարիոյ մասին:

Ինքնակենսագրական յիշեալ վիպակը գրելու իր տենդագին աշխատանքին ընթացքին հեղինակը կը շահագրգռուի Արշակ Ալպոյաճեանի «Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ» եւ Բիւզանդ Եղիայեանի «Ատանայի հայոց պատմութիւն» գիրքերով:

Եսթեր Դաւիթեան կը ծանօթագրէ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ Ատանայի ընկերային, տնտեսական, եկեղեցական եւ կրթական կեանքին մասին: Կը պատմէ, թէ ի՛նչ պայմաններու տակ իրագործուեցան Ատանայի ջարդերը, որոնց կապակցութեամբ կը կատարէ հետեւեալ հաստատումը. «Թիւերը, որքան ալ մեծ ըլլան անոնք, արձանագրութիւննե՜ր են թուղթերու վրայ… Գրականութիւնն է այն ուժը, որ միջոցներ ունի նկարագրելու պղծումներու, կորուստի, ողբերգութեան պատճառած չպատմուելի՜ք ցաւերը…»:

Այսպէս, սրտայոյզ խօսքերով անդրադառնալէ ետք 1909-ի եւ 1915-ի հայկական ահաւոր կոտորածներուն Եսթեր Դաւիթեան իր ինքնակենսագրական վիպակի աւարտին կ՛ըսէ, թէ 1979-ի մայիսի 16-ին իր քոյրերուն հետ կը մեկնի Մոսկուա: Անոնք զինք Նիւ Եորք ճամբելէ ետք կը վերադառնան Երեւան: Մայիսի 18-ին, Եսթեր երկար ուղեւորութենէ ետք կը հասնի Նիւ Եորք եւ ապա` Լոս Անճելըս:

Կարճ ժամանակ մը ետք կը լծուի գրական աշխատանքի: Կ՛ապրի ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ:

Ներկայ կ՛ըլլայ Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան հանդիպումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, ուր իբրեւ բանաստեղծուհի` Եսթեր կը դառնայ ուշադրութեան առարկան հայ գրողներու:

Յիշեալ հանդիպումներուն կը ներկայացուին գրասէր հանրութեան Եսթեր Դաւիթեանի քերթողական գործերը` հետեւեալ շարքով:

Արդարեւ, բանաստեղծ եւ վերլուծաբան Վազգէն Վանատուր կը ծանօթացնէ հանդիսականներուն Եսթերի «Քառակուսուց դուրս» խորագրեալ երախայրիք քերթողագիրքը, 2004 թուի մարտի 4-ին:

Քալիֆորնիոյ Գրողներու Միութեան առաջարկով հեղինակին «Երջանկութիւնը իմ տանն է ապրում» խորագրեալ քերթողական երկրորդ գործը կը քննարկէ գրականագէտ Ստեփան Թոփճեան, 2006 թուի դեկտեմբերի 7-ին:

Իսկ ամերիկահայ հանրածանօթ դասախօս Օշին Քէշիշեան Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ կը վերլուծէ Եսթեր Դաւիթեանի «Ապրել ինչպէս ծառ» խորագրեալ բանաստեղծութիւններու երրորդ գիրքը, 2008 թուի մայիսի մէկին:

Օշին Քէշիշեան կ՛արժեւորէ սոյն գործը` մէջբերելով ծառի նման ապրելու հեղինակին հետեւեալ թելադրանքը,

«Եւ դու էլ փորձիր ապրել ծառի պէս,
Սրտիդ մի՛ նայիր, արիւ՜ն կը տեսնես,
Քամի-փոթորիկ հէնց անցնեն-գնան,
Արմատիդ նայիր ճիշդ ծառի նման…

Որ արմատներիդ ցանցով յաղթական
Ներքաշես հողի ուժը մոգական
Ու յետոյ նայես Արեւին պայծառ
Ու վեր խոյանաս ինչպէս կանաչ ծառ…»

Արդարեւ, Եսթեր Դաւիթեան կ՛ըսէ, թէ ինքնակենսագրական իր վիպակը թէեւ գրած է հեքիաթի մը նման, բայց իր հեքիաթը տարբեր հեքիաթներու նման վախճանակէտ պիտի չունենայ, որովհետեւ, Լիբանանի մէջ ծնած, հայրենի հողին վրայ աճած եւ Միացեալ Նահանգներու Լա Քրեսենթա քաղաքը բնակող կնոջ կը վերաբերի իր յօրինած հեքիաթը, որուն գլխաւոր հերոսուհին է ինք, որ տարիներէ ի վեր,  ամէն գիշեր, նոյն մշտանորոգ երկիւղածութեամբ կը շարունակէ մատուցել գոհաբանական իր աղօթքը առ Աստուած` խնդրելով բարօրութիւն ու բարի երազ Արարիչէն` համայն աշխարհի մարդոց համար…

Պէտք է ըսել, թէ «Լոյս ստուերների համար» խորագրեալ ինքնակենսագրական վիպակին արժանիքը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ բանաստեղծուհի Եսթեր Դաւիթեան իր զգացական եւ հոգեմտաւոր ապրումներուն աւիշը կը ստանայ իր գերդաստանի տոհմածառին մշտադալար արմատներէն…

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES