«Իսրայէլեան Բանակը Կը Պատրաստուի Մեծաթիւ Հրեայ Քաղաքացիներ Զինուորագրելու» Կը Գրէ «Հաարեց»
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի մեծաթիւ հրեայ ծայրայեղականներ իր շարքերուն մէջ ներառելու, ինչ որ «հրեայ արմատականները» զինուորագրելու պայմաններու ճշդման նոր օրէնքի բանաձեւման ուղղութեամբ առնուած քայլ մըն է:
Օրաթերթը կը նշէ, որ իսրայէլեան բանակը յետս կոչած է անջատ նոր զինուորական խմբաւորումներ կազմելու իր եռամեայ ընդդիմութիւնը եւ ներկայիս աշխատանք կը տանի կազմելու կրօնամոլ զինուորներէ կազմուած երեք վաշտեր` զանոնք իր մարտական ուժերուն մէջ ներառելու ուղղութեամբ:
Կը նախատեսուի, որ բանաձեւուի նոր օրէնք մը, որ պիտի փոխարինէ այն օրէնքը, որ ծանօթ էր «Թալի օրէնքը» անունով եւ հրեայ կրօնամոլներուն զինուորական ծառայութենէ ներում կը տրամադրէր:
Մինչ այդ, օրաթերթը կը նշէ, որ իսրայէլեան բանակի ծրագրաւորումի բաժանմունքի հրամանատար զօր. Կատի Ակմոն վերջերս իսրայէլեան Քնեսեթի անդամներուն յայտնած է, որ բանակը յաջողած է հրեայ կրօնամոլներէ երեք նոր վաշտեր կազմել: Ան յայտնած է, որ գոյութիւն ունի այն կարելիութիւնը, որ այդ վաշտերէն մէկը միացուի իսրայէլեան օդուժին, հարց մը, որ ներկայ հանգրուանին կ՛ուսումնասիրուի: Բանակը նաեւ նշեալ զինուորները ոստիկանութեան եւ բանտերու հսկողութեան նման իսրայէլեան ապահովական այլ մարմիններու մէջ ներառելու կարելիութիւնը կը քննարկէ:
Նշենք, որ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Պենի Կանց մայիսի կիսուն զինուորական ակադեմիային մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած էր, որ «բացառուած չէ, որ այս երկրին մէջ ազատ ապրելու մեր իրաւունքին համար ստիպուինք պատերազմելու համար ամբողջ ժողովուրդի ուժը զինուորագրել` ճիշդ ինչպէս 1948-ին ըրինք»:

