Տեսակէտ. Փարիզի Հանդիպումին Ոչ Թէ Կառուցողական Առաջարկներ, Այլ` Ազրպէյճանական Սպառնալիքներ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով 18 յունիսին Փարիզի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ հանդիպումին մասին յայտարարելէ ետք, վերջին երկու օրերուն Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ ազրպէյճանական բանակի կատարած գործողութեան անդրադառնալով նշած է, որ շփման գիծին վրայ մարդկային կորուստները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին վրայ բացասաբար պիտի ազդեն` ընդգծելով, որ «քանի տակաւին տագնապը լուծուած չէ, նման միջադէպերը, ցաւօք, պիտի շարունակուին, այդ իսկ պատճառով մենք Հայաստանին կոչ կ՛ուղղենք` խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ աշխատանքներ սկսելու»: Ան աւելցուցած է, որ Ազրպէյճան Փարիզի մէջ «պիտի փորձէ հայկական կողմին համոզել սթաթիւս քոյի պահպանման անընդունելիութեան մասին»:
Ազրպէյճան մէկ կողմէ իր իսկ կատարած յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած մարդկային կորուստները տագնապի լուծման հոլովոյթին վրայ բացասական ազդեցութիւն կը նկատէ, իսկ միւս կողմէ` Հայաստանին ուղղած իր կոչով կը փորձէ, յաչս միջազգային ընտանիքին, տագնապի խաղաղ լուծման նախանձախնդիր եղող կողմի կերպարանքով ներկայանալ:
Եթէ ազրպէյճանական կողմը տագնապի խաղաղ լուծման իրապէս նախանձախնդիր է եւ իրապէս համոզուած է, թէ այդ գործողութեանց ընթացքին արձանագրուած զոհերը ժխտական ազդեցութիւն ունին տագնապի լուծման քաղաքական հոլովոյթին վրայ, ապա լուծումը պարզ է. այդ գործողութեանց թող չնախաձեռնէ: Սակայն ճշմարտութիւնը այլ է: Ազրպէյճանական կողմը զանոնք բացասական ազդեցութիւն մը չի նկատեր, այլ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ իւրաքանչիւր հանդիպումի նախօրեակին հայկական կողմին վրայ ճնշում բանեցնելու եւ անկէ զիջումներ խլելու հերթական փորձ:
Ըստ Մամետեարովի, Ազրպէյճան Փարիզի մէջ հայկական կողմը պիտի փորձէ համոզել: Սակայն իրերու ներկայ դրութեան մէջ յստակ է, որ 18 յունիսի հանդիպումին ընթացքին հայկական կողմը համոզելու փորձը պիտի կատարուի ոչ թէ կառուցողական առաջարկներով, այլ` զինուորական գործողութիւններու ոչ համոզիչ սպառնալիքներով:

