Մամլոյ 70-րդ Լսարան. Լիանա Զախարեան Զեկուցեց Ռուսիոյ Նիժնի Նովկորոտի Հայ Համայնքին Մասին
Երէկ` երեքշաբթի, 5 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 70-րդ լսարանը, որուն ընթացքին` Ռուսիոյ Նիժնի Նովկորոտի շրջանի հայ համայնքին մասին զեկուցեց «Կամուրջ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Լիանա Զախարեան:
Մամլոյ լսարանին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ նշեց, թէ «Ազդակ» իր մամլոյ լսարաններուն միջոցով կը շարունակէ լոյս սփռել ընդհանրապէս հայութիւնը հետաքրքրող համահայկական հարցերու վրայ: «Այս հարցերուն մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ մանաւանդ յետխորհրդային ժամանակաշրջանի «ներքին սփիւռք» հասկացողութիւնը, այսինքն` Ռուսիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ հայկական համայնքներու ինքնակազմակերպումը եւ այդ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները», ընդգծեց Ժ. Յակոբեան:
Յակոբեան նաեւ ըսաւ, որ տարօրինակ պէտք չէ թուի ռուսահայ համայնքներուն վրայ ուշադրութեան սեւեռումը հայ մամուլին կողմէ: Այդ համայնքները երկար տասնամեակներ մոռցուած մնացեր են, եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ետք անհրաժեշտութիւն ծագեցաւ, որ այդ համայնքները դարձեալ վերակենդանան հայկական շունչով:
Այնուհետեւ «Կամուրջ» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Լիանա Զախարեան զեկուցեց Նիժնի Նովկորոտի հայ համայնքի այսօրուան վիճակին մասին: Ան հաստատեց, որ հայութիւնը այդտեղ կը հաշուէ 30 հազար հոգի: Նիժնի Նովկորոտի մէջ կը գործէ կիրակնօրեայ դպրոց` հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայ եկեղեցւոյ նիւթերու դասաւանդումով:
Նիժնի Նովկորոտի մէջ կայ նաեւ նորակառոյց հայկական եկեղեցի, որուն օծումը պիտի կատարուի մօտ ապագային: Զախարեան ըսաւ, որ թէեւ Ռուսիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական այլ համայնքներու հետ կապեր հաստատուած են, սակայն տարբեր քաղաքներու, յատկապէս Մոսկուայի հայ համայնքին եւ Երեւանի հետ համագործակցութեան նպատակով կապերը բաւարար չեն:
«Կամուրջ»-ի գլխաւոր խմբագիրը խօսեցաւ տեղւոյն հայ համայնքէն դէպի Արցախի ազատագրուած տարածքներ կատարուած օժանդակութեանց մասին, այնուհետեւ շեշտը դրաւ տարբեր գաղութներու միջեւ հայկական լրատուամիջոցներու ճամբով փոխադարձ ծանօթացման աշխատանքներուն կարեւորութեան վրայ:
Զեկուցումէն ետք Զախարեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Նիժնի Նովկորոտի համայնքի պատմականին, ռուսահայութիւն – Երեւան – սփիւռք կապերուն, Նիժնի Նովկորոտի մէջ հայ եւ ազրպէյճանական համայնքներուն միջեւ խնդիրներուն եւ ռուսահայ մամուլին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

