Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն` Անթիլիասի Մէջ
Կիրակի, 3 յունիս 2012-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, սարկաւագական ձեռնադրութիւն ստացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի ընծայարանի բաժինէն Վիգէն կիս. սրկ. Քիւրքլեան, Յովհաննէս Կիս. Սրկ. Ալթունեան, Յակոբ կիս. սրկ. Գարտանագեան, Գաբրիէլ կիս. սրկ. Եղիայեան, Յովհաննէս կիս. սրկ. Թեփիրճեան, Աբրահամ կիս. սրկ. Կիրակոսեան եւ Հրայր կիս. սրկ. Տաղլեան:
Ս. պատարագին եւ ձեռնադրութեան հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Պատարագը մատուցեց Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան: Ձեռնադրութիւնը կատարեց եւ քարոզեց Կոմիտաս արք. Օհանեան:
Յընթացս սուրբ պատարագի, խարտաւիլակ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեանի առաջնորդութեամբ, ընծայեալները ծնրադիր սուրբ խորան բարձրացան եւ ապա հրապարակաւ հրաժարեցան աշխարհէն` նուիրուելու համար հայ եկեղեցւոյ սուրբ սեղանին ծառայութեան: Ձեռնադրիչ սրբազանին ձեռքէն անոնք ստացան իրենց մաքուր ուրարները եւ Ս. Աւետարան ընթերցելու, սկիհի վերաբերում կատարելու եւ բուրվառով խնկարկելու իշխանութիւնը:
Կոմիտաս սրբազան իր քարոզին մէջ խրատեց նորընծայ սարկաւագները հետեւելու Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի օրինակին եւ նուիրումով ծառայելու Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ:
Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ ընդունեց նորոգ ձեռնադրեալ սարկաւագները, անոնց փոխանցեց իր հայրապետական պատգամը եւ շնորհաւորեց դպրեվանքի տեսչութիւնն ու սարկաւագներուն ծնողները: «Իւրաքանչիւր ձեռնադրութիւն ծառայութեան հրաւէր մըն է հայ եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորներուն համար: Մենք բոլորս ալ դպրեվանքէն անցանք եւ Աստուծոյ կողմէ ծառայութեան կոչուեցանք` քաջ գիտնալով, որ Քրիստոսի ճամբան խաչի ճամբան է, եւ սիրով ու զոհողութեամբ պիտի իրագործենք մեր աստուածատուր կոչումը», ըսաւ վեհափառը:
Ապա վեհափառը պահպանիչով օրհնեց բարեշնորհ սարկաւագները:

