Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսին Ֆայնըլ-Ֆորի Մրցումները

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան երէկ: Անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ չորս խումբեր` Հուփս, Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ եւ Պիլիվըրզ, ապահովեցին ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն իրենց տոմսերը` յաջորդաբար գրաւելով առաջինէն չորրորդ դիրքերը:

Հակառակ ասոր սակայն, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը հանդիսացաւ միակ խումբը, որ պարտութեան մատնեց Հուփսը` 36-33 արդիւնքով: Երէկուան այս մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 9-3, 12-16, 4-2 եւ 11-12:

Հակառակ իր արձանագրած այս յաղթանակին սակայն, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը դուրս մնաց մրցաշարքէն, երբ գրաւեց 5-րդ դիրքը` կոլ-էվըրէյճի տարբերութեամբ ետ մնալով նոյնքան կէտ (15 կէտ) ապահոված երկու այլ խումբերէ:

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ երէկ 52-42 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլէն:

Ֆայնըլ-ֆորի մրցումները կը սկսին այսօր եւ կը շարունակուին յաջորդող երկու օրերուն: Երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ այսօր երեկոյեան ժամը 19:30-ին կը կատարէ իր առաջին մրցումը` Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլի դէմ, իսկ վաղը եւ յաջորդող օրերուն` երեկոյեան ժամը 20:30-ին:

Նշենք, որ բոլոր մրցումները տեղի պիտի ունենան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):

Ստորեւ կու տանք վերջնական դասաւորումը.

ՅԱՂԹ. ՊԱՐՏ. ԿԷՏ
1.- Հուփս 6 1 19
2.- Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլ 5 2 17
3.- ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4 3 15
4.- Պիլիվըրզ 4 3 15
5.- ՀՄԸՄ Պէյրութ 4 3 15
6.- Թատամոն Զուք 2 5 11
7.- Ռըսոլ 2 5 11
8.- Ժամհուր 0 7 7
Share this Article
CATEGORIES