Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Հայաստան 3-0 Արդիւնքով Յաղթեց Ղազախստանի
Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, երէկ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ղազախստանը:
Երկու երկիրներուն ազգային քայլերգներէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Ղազախստանի մէջ զոհուած 15 եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին մօտ զոհուած երեք զինուորներուն մահուան յիշատակը:
6-րդ վայրկեանին արդէն իսկ Հայաստան բացած էր մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Գէորգ Ղազարեանին, որ իր կոլի փոխանցումը ստացած էր Հենրիխ Մխիթարեանէն: 37-րդ վայրկեանին Ղազարեան կրկնապատկեց հաշիւը` այս անգամ կոլային փոխանցումը ստանալով Եուրա Մովսիսեանէն:
42-րդ վայրկեանին Հայաստան երրորդ անգամ ըլլալով ցնցեց Ղազախստանի բերդապահ Անտրէյ Սիթելնիքովի բերդին ուռկանը` այս անգամ շնորհիւ Մովսիսեանի նշանակած կոլին:
Մրցումին երեք կոլերն ալ նշանակուեցան Ա. կիսախաղին, եւ այսպիսով հայրենի կազմը մրցումը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 3-0 արդիւնքով:
Այս մրցումին Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան կատարեց հինգ փոփոխութիւն, մինչ մրցակից կազմին մարզիչը` վեց:
Ընդհանրապէս մրցումին տիրապետեց Հայաստան` գնդակը իր մօտ պահելով 61 առ հարիւրով: Հայրենի կազմը ձեռք ձգեց 7 քորնըր, մինչ մրցակիցը` միայն մէկ: Հայրենի մարզիկները 18 անգամ հարուածեցին մրցակիցին բերդին ուղղութեամբ, մինչ Ղազախստան` չորս անգամ:
Նշենք, որ մրցումին իրաւարարն էր Լեւան Կվարացխելիա (Վրաստան):
Երէկուան այս մրցումին Հայաստան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով` Գէորգ Գասպարով, Սարգիս Յովսէփեան (Կամօ Յովհաննիսեան, 80-րդ), Ռոպերթ Արզումանեան (Հրայր Մկոյեան, 46-րդ), Վալերի Ալեքսանեան, Արտակ Ետիկարեան, Լեւոն Հայրապետեան (Դաւիթ Մանոյեան, 38-րդ), Կարլեն Մկրտչեան (Արթուր Սարգիսով, 46-րդ), Մարքոս Փիցելլի (Արթուր Ետիկարեան, 60-րդ), Հենրիխ Մխիթարեան, Գէորգ Ղազարեան եւ Եուրա Մովսիսեան (Զաւէն Պատոյեան, 85-րդ):

