2014-Ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Ուզպեքիստան Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը Եւ Նշանակեց Նորը
Ուզպեքիստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Վատիմ Ապրամով պաշտօնանկ եղաւ` նկատի ունենալով, որ նախորդ շաբաթավերջին Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, անոր կազմը Թաշքենդի մէջ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Ան փոխարինուեցաւ Միրժալոլ Կաշիմովով, որ նախապէս արդէն իսկ եղած է խումբին մարզիչը եւ երկու տարի այդ պաշտօնը վարելէ ետք 2010-ին հեռացած խումբէն:
Նշենք, որ երկու օր ետք Ուզպեքիստան հիւրը պիտի ըլլայ Լիբանանի:
CATEGORIES Մարզական


