Քլինթըն Վրաստանի Հողային Ամբողջականութեան Նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երէկ վրացի ղեկավարներուն կոչ ուղղեց խորհրդարանական եւ նախագահական «ազատ եւ արդար» ընտրութիւններու ճամբով իրենց երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու:

Քլինթըն վերահաստատեց Վրաստանի հողային ամբողջականութեան նկատմամբ Ուաշինկթընի ուժեղ զօրակցութիւնը եւ Ռուսիոյ կոչ ուղղեց իր ուժերը Աբխազիայէն ու Հարաւային Օսեթիայէն հեռացնելու: «Մենք կը մերժենք Ռուսիոյ կողմէ վրացական հողամասերու բռնագրաւումն ու ռազմականացումն եւ Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղենք 2008-ի զինադուլի որոշումին հիմամբ իր պարտաւորութիւնները կատարելու, ներառեալ` իր ուժերը նախատագնապեան դիրքերուն վերադարձնելը եւ մարդասիրական օժանդակութեան ազատ մուտքը արտօնելը»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը այս պատգամները փոխանցեց Պաթումի մէջ Վրաստանի վարչապետ Նիքա Կիլաուրիի եւ Վրաստանի ընդդիմադիր կուսակցութեանց ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին:

Վրաստանի վարչապետը իր կարգին յայտնեց, որ «հիմա, որ Վրաստանի 20 առ հարիւրը իր հիւսիսի դրացիին կողմէ գրաւուած է, Թիֆլիս այն համոզումը ունի, որ միջազգային ընտանիքը արդարութիւնը խաղաղ միջոցներով վերահաստատելու օժանդակելու համար որեւէ ջանք պիտի չխնայէ»:

Նշենք, որ Քլինթըն այսօր Ազրպէյճան կ՛այցելէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES