«Ասատի Իշխանութեան Վրայ Մնալը Սուրիոյ Մէջ Տագնապի Լուծման Նախապայման Մը Չէ» Յայտարարեց Կաթիլով

Փութին եւ Ժինթաո

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ  Չինաստան այցելեց` Սուրիոյ տագնապի եւ այլ հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելու համար: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ «Փեքին եւ Մոսկուա Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութեան կամ երկրի վարչակարգի բռնի փոփոխութեան կ՛ընդդիմանան»: Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ Սուրիոյ հարցին շուրջ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կեցուածքը միացեալ է:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լիու Վու Մին յայտնեց, որ «երկու երկիրները սերտ կապի մէջ են ինչ կը վերաբերի սուրիական տագնապին եւ կը կարծեն, որ այդտեղ բռնարարքներու անմիջական դադրեցում պէտք է ըլլայ, իսկ քաղաքական երկխօսութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ պէտք է սկսի»:

ՄԱԿ-ի մէջ Չինաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Լի Փաուտունկ յայտնեց, որ «Սուրիոյ տագնապին վերջ տալու համար թափուած ջանքերը վճռորոշ պահու հասած են, եւ կառավարութիւնն ու ընդդիմադիր ուժերը պէտք է բռնարարքներուն վերջ տան»:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ Չինաստանի մնայուն ներկայացուցիչը յայտնեց, որ «սուրիական հարցը շատ վտանգաւոր պահու մէջ է, իսկ սուրիական տագնապը լուծելու ձգտող քաղաքական հոլովոյթը քառուղիի վրայ կը կանգնի»:

«Սուրիա կրնայ «պատուաւոր» յառաջիկայ օրեր ապահովել շնորհիւ ծրագիրի մը, որուն շուրջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, կամ ընդհակառակն ուղղուիլ դէպի «անյայտ հորիզոններ»` արիւնալի բռնարարքներով ու վատթարացող տագնապով, որ կրնայ քաղաքացիական ամբողջական պատերազմի եւ գիւղերու, դրացիներու ու քաղաքներու միջեւ յարանուանական բռնարարքներու վերածուիլ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երէկ Պաթումի մէջ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կոչ ուղղեց «Սուրիոյ տագնապի լուծման օժանդակելու»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարեց, որ «երբեք չենք ըսած կամ պայման պարտադրած, որ Ասատ քաղաքական հոլովոյթի աւարտին պէտք է իշխանութեան վրայ մնայ»: Ան ըսաւ, որ Ասատի իշխանութեան վրայ մնալը Սուրիոյ մէջ տագնապի լուծման նախապայման մը չէ:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ուղղեց «ժողովուրդի փափաքին ականջ տալու եւ բռնարարքները դադրեցնելու քաջարի որոշում տալու»` մերժելով ՄԱԿ-ի ուղղուած այն ամբաստանութիւնը, թէ սուրիական վարչակարգին կողմէ ժողովուրդին դէմ սպանութեան գործողութեանց «օրինականացման» կը նպաստէ:

«Ժողովուրդի սպանութեան արարքները բուռն կերպով դատապարտեցինք, որովհետեւ հարցը անընդունելի մակարդակի հասաւ եւ միջազգային ընտանիքը զայրացած է», ըսաւ ան:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Զուիցերիոյ, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Պելճիքայի, Պուլկարիոյ, Գերմանիոյ դեսպաններն ու այդ դեսպանատուներու անձնակազմին մաս կազմող շարք մը դիւանագէտներ Սուրիոյ մէջ անբաղձալի տարրեր են: Սուրիոյ իշխանութիւնները երէկ նաեւ ՄԱԿ-ի 9 գործակալութիւններու եւ միջազգային 7 ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն արտօնութիւն տուին երկիր մուտք գործել: Անոնք աշխատանքներ պիտի տանին եւ առաջնահերթ մարդասիրական օժանդակութիւններ պիտի հասցնեն Հոմս, Իտլիպ, Տարաա եւ Տէր Զօր: Ըստ ՄԱԿ-ի, Սուրիոյ մէջ շուրջ 1 միլիոն մարդ մարդասիրական օգնութեան կարիք ունի:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը յայտարարեց, որ սուրիական կառավարութեան յամառութիւնը Ապահովութեան խորհուրդին վրայ պարտաւորութիւններ կը դնէ, ներառեալ` ՄԱԿ-ի ուխտի 7-րդ յօդուածին դիմելը: Ան նշեց, որ «ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրին ճամբով Սուրիոյ մէջ լուծումի մը հասնելուն նկատմամբ յոյսը սկսանք կորսնցնել»:

Միւս կողմէ, սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը հաղորդեց, որ «ահաբեկիչները անցեալ օրերուն Թուրքիայէն հակահրասայլային շատ արդիական հրթիռներ ստացած են»:

 

Share this Article
CATEGORIES