Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Պենի Կանց շեշտեց, որ Հըզպալլա կը փորձէ իսրայէլեան արտաքին թիրախներու վրայ ահաբեկչական յարձակումներ գործել:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ, տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստի Պէյրութի գրասենեակի նախագահ Մոհամետ Շքէյր յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը խեղդամահ ըլլալու վիճակին մէջ է: Ան աւելցուց, որ եթէ տնտեսական կացութիւնը աւելի եւս վատթարանայ, ապա պաշտօնեաներուն աշխատավարձը 50 առ հարիւրով պիտի նուազի:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ պետական պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, սուրիական բանակը ձախողեցուցած է ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ Արսալէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգումը: Նոյն կայանին համաձայն, ահաբեկչական խմբաւորումները փորձած են զէնքով ու զինամթերքով լեցուած չորս «փիք ափ» ուղարկել Սուրիա:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն (օրավարձով աշխատող պաշտօնեաներ) հարցին լուծման համար ոչինչ կ՛ուզէ կատարել:

ԸՍՏ ոչ պաշտօնական աղբիւրներու, Պըրժ Պարաժնէի եւ Թայունէի մէջ աշխատող սուրիական քաղաքացիութիւն կրող բանուորներուն թիւը հետզհետէ կը նուազի:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, դիւանագիտական նշանակումներու թղթածրարը գրեթէ ամբողջացած է:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւնները իրենց հողերէն վտարած են լիբանանցի տասը գործատէրեր, առանց ճշդելու զանոնք վտարելու դրդապատճառները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ տիրող ապահովական զգայուն կացութիւնը եւ արձանագրուած բարդութիւնները պարտադրեցին, որ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ հաշտութիւն մը գոյանայ Լինոյի եւ Մունիր Մաքտահի միջեւ:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, եթէ կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին Թրիփոլիի բարգաւաճման ծրագիրը չվաւերացուի, ապա Թրիփոլիի նախարարները պիտի հրաժարին իրենց պաշտօններէն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էտմոն Ռըզք հաստատեց, որ այս պայմաններուն տակ Թաէֆի համաձայնագիրը կարելի չէ վերատեսութեան ենթարկել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ Միջազգային դատական ատեանի բանբեր Մարթին Եուսեֆ յայտնեց, որ դատական ատեանը իր դատավարութիւններուն պիտի սկսի այս ամսուան ընթացքին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին պիտի մշակեն նախաձեռնութիւն մը, որ պիտի ներկայացուի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի: Եթէ հանրապետութեան նախագահը համաձայն գտնուի այդ նախաձեռնութեան, ապա Մարտ 14-ի ուժերը պիտի ընդառաջեն անոր յղած Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու հրաւէրին:

ԿԸ նախատեսուի, որ յառաջիկայ հինգշաբթի օր գումարուելիք կառավարութեան նիստը ըլլայ դրական, հեզասահ եւ արդիւնաւէտ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը կը փորձէ ամբողջ շրջանը բռնկեցնել, «ինչպէս նախագահ Պաշշար Ասատ հաստատած էր, որ իր վարչակարգին քայքայման հետեւանքը պիտի ըլլայ ամբողջ շրջանին քանդումը», ըսաւ Ալլուշ: Ան հաստատեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կ՛ուղղուին ներկայ գտնուելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի առաջարկած Ազգային երկխօսութեան նիստին:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ քաղաքական եւ տեղեկատուական ճնշումներուն չենթարկուող դատաւորներուն որոշումը եւ վճիռը շատ աւելի արդար եւ ճիշդ դուրս կու գայ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն (օրավարձով աշխատող պաշտօնեաներ) հարցը մօտիկ ապագային պիտի լուծուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական բոլոր միջադէպերը ցոյց կու տան, թէ երկրին մէջ համայնքային պատերազմներ բռնկեցնելու բոլոր փորձերը ձախողած են:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆօ երէկ այցելեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ամմար Մուսաուիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէի հետ: Քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրավիճակը: Փլամպլի այցելեց նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերա Հռոմէն վերադարձաւ Պէյրութ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի միակն է, որ յարձակում գործեց իր համայնքի զաւակներուն դէմ` զանոնք պաշտպանելու փոխարէն:

 

Share this Article
CATEGORIES