«Իշխանութեան Կողմերը Կը Սերտեն Բարի Աւարտի Մը Յանգելու Կարելիութիւնները» Շեշտեց Զօր. Աուն

Համախմբումի նիստէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:

Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, զօր. Աուն յայտնեց, որ ներկայիս լիբանանեան իշխանութեան տարբեր կողմերուն միջեւ առաջադրուած է նախաձեռնութիւն մը, որուն հիման վրայ կողմերը կը խորհրդակցին բարի աւարտի մը յանգելու կարելիութիւններուն շուրջ:

Զօր. Աուն` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Զօր. Աուն անդրադարձաւ ելեւմտական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի երէկուան նիստին, որուն ընթացքին բացայայտուած է, թէ Լիբանանի կատարուած վեցուկէս միլիառ տոլար գումարի օժանդակութիւն մը կը պակսի պետական գանձարկղէն:

Ան հաստատեց, որ նման արարքներու պատասխանատուները պէտք է փոխանցուին դատական իշխանութիւններու եւ լիբանանեան պետութեան որդեգրած ծրագիրները` ելեկտրական հոսանքի, ջրամբարներու եւ պետական հետաքննութեան վերաբերող, պէտք է անպայման գործադրուին:

«Եթէ կառավարութիւնը անկարող է ժողովուրդին կարիքները հոգալ, ապա ինչո՞ւ է կառավարութիւնը», ըսաւ զօր. Աուն:

 

Share this Article
CATEGORIES