Պըրրի Ընդունեց Պաշտպանութեան Նախարարը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս` Թրիփոլիի զարգացումները:
Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանի, պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինի եւ կուսակցութեան փոխնախագահ Մարուան Ապու Ֆատելի հետ:
Հանդիպումէն ետք Արսլան շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահը բոլոր լիբանանցիներուն համար երաշխիք է` աւելցնելով, որ Պըրրի եղած է առաջինը, որ վտանգի փողեր հնչեցուցած է կառավարութեան գործունէութեան արձանագրած տեղքայլին մասին:
Արսլան շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է աշխատանքի իր հեւքը արագացնէ` գործնականացնելով իր աշխատանքը եւ կատարելով շարք մը նշանակումներ:
Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյնի հետ: Քննարկուեցան համալսարանին վերաբերող հարցեր:


