Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Խորհրդանշական Նստացոյցով Մը Փակեցին Օդակայանի Ճամբան
Երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 6:00-ին, Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու ընտանիքները կազմակերպեցին նստացոյց մը, որուն իբրեւ հետեւանք անոնք ժամանակաւոր կերպով փակեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբան:
Ընտանիքները հաստատեցին, որ իրենց նախաձեռնած այս քայլը խորհրդանշական քայլ մըն է, որ պարզապէս կը միտի իրենց հարազատներուն թղթածրարը լուսարձակի տակ առնել եւ զայն փրկել մոռացութենէ:
Միւս կողմէ, սուրիացի ընդդիմադիր Հայսամ Մալեհ «Նաշրա» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին մերժեց առեւանգուած լիբանանցիները լիբանանեան իշխանութիւններուն յանձնել` աւելցնելով, որ առեւանգող կողմը յարմար պահուն կը սպասէ անոնց ազատ արձակման բանակցութիւնները շարունակելու առումով: Մալեհ շեշտեց, որ առեւանգուած լիբանանցիները ողջ եւ առողջ վիճակի մէջ են:
CATEGORIES Լիբանանեան

