Նախագահ Սլէյման Վաւերացուց Դատական Իշխանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Կազմը

Նախագահ Սլէյման եւ միւֆթի Շաար

Երէկ երեկոյեան նախագահ Միշել Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ստորագրեց արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի ներկայացուցած Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի կազմին հինգ դատաւորներուն անունները կրող շրջաբերականը, որուն հիման վրայ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին մաս կազմեցին Ժոզեֆ Նախլէ Սըմահան, Մարի-Տենիզ Ժպրայէլ Մաուշի, Ռիտա Մոհամետ Ռաատ, Ուսամա Հասան Լահհամ եւ Միրնա Ռաֆֆուլ Պայտա:

Շրջաբերականը կրեց նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի ստորագրութիւնները:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Քննարկուեցան նաեւ Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու մասին բանակցութիւններուն արդիւնքները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաարը, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած նորագոյն զարգացումները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ Լիւքսամպուրկի առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Էթիեն Շնայտըր եւ նախկին նախարար Ատնան Քասսար:

 

Share this Article
CATEGORIES