Թրիփոլիի Մէջ Առաւօտեան Տիրեց Զգուշաւոր Հանդարտութիւն, Իսկ Երեկոյեան Արձանագրուեցաւ Զինեալ Բախում Եւ Հրթիռարձակում
Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումներուն դադրելէն ետք, Թրիփոլիի մէջ կեանքի նշոյլներ սկսան նշմարուիլ:
Աշակերտները ուղղուեցան իրենց դպրոցները, առեւտրական հաստատութիւններն ու վաճառատուները բացին իրենց դռները եւ թաղերուն մէջ սկսաւ երթեւեկը:
Սակայն երեկոյեան Ժապալ Մըհսենի դէմ կատարուած հրթիռարձակումին եւ արձակազինութեան պատճառով տիրող հանդարտութիւնը խախտեցաւ, իսկ լիբանանեան բանակը պատասխանեց այդ կրակոցներուն եւ հրթիռարձակումին:
Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, բանակը եւ ներքին ապահովութեան ուժերը Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի մէջ իրենց դիրքաւորումը ամբողջացուցած են:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ ապահովական ծրագիրին իրագործումը յաջողութեամբ աւարտած է` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերը կ՛ուղղուին հաստատելու ապահովական կայունութիւնը:
Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, կան ապահովական որոշ մտահոգութիւններ, թէ սուրիական բանակը կը վերադառնայ Լիբանան եւ կամ սուրիական օդուժը կը ռմբակոծէ Թրիփոլին:
Ռիֆաաթ Իտ
Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ռիֆաաթ Ալի Իտ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախկին վարչապետ, երեսփոխան Սաատ Հարիրին ամբաստանեց Թրիփոլիի արիւնալի դէպքերուն յանցանքով:
Իտ նշեց, որ կայ քաղաքական ծրագիր մը, որ կ՛առաջնորդուի Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ` Սուրիական ազատ բանակին գործակցութեամբ:
Իտ դիտել տուաւ, որ Հարիրիի եւ Սուրիական ազատ բանակին միջեւ գոյացած է համաձայնութիւն մը, որուն հիման վրայ այդ բանակին հրամանատար գնդ. Ռիատ Ասաատ պիտի հաստատուի Թրիփոլի եւ սալաֆականներուն հետ Թրիփոլին պիտի վերածէ իսլամական էմիրութեան:
Ռիֆաաթ Իտ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը մերժէ մասնակցիլ Ազգային երկխօսութեան նիստին եւ կը փորձէ Ժապալ Մըհսենի ճամբով արիւնալի պատգամներ փոխանցել Լիբանանին:
«Աւելի վտանգաւորը այն է, որ իրենց ծրագիրին ձախողութենէն ետք հակառակորդ կողմի զինեալները հրկիզեցին 12 վաճառատուներ, որոնց սեփականատէրերը ալեւիներ են, յատկապէս Ազմի փողոցին մէջ: Այս արարքին նպատակն է ալեւի բնակչութիւնը արտագաղթի մղել», ըսաւ Իտ:
Իտ աւելցուց, որ Ռիատ Ասաատ Թրիփոլիի մէջ ներկայ է Սուրիական ազատ բանակին հետեւորդ զինուորներուն ընդմէջէն` աւելցնելով, որ այդ զինուորներէն ոմանք վիրաւորուեցան Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ տեղի ունեցած զինեալ բախումներուն ընթացքին եւ փոխադրուեցան Ապու Սամրայի հիւանդանոց` բուժուելու: «Իսկ մերժելին այն է, որ անոնք կը գտնուին ուղղակի ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին հսկողութեան տակ», ըսաւ ան:

