Հայաստան Եւ Ղազախստան Զինուորական Համագործակցութեան Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրեն

Երէկ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Ղազախստանի պաշտպանութեան նախարար Ատիլպեք Ճաքսիպեքով: Այցելութեան ընթացքին Ճաքսիպեքով հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ Հայաստանի զինեալ ուժերու ղեկավար կազմին հետ: Այցելութեան շրջագիծին մէջ ան պիտի այցելէ նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Վ. Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկը:

Հայաստանի եւ Ղազախստանի նախարարները պիտի ստորագրեն Հայաստանի կառավարութեան եւ Ղազախստանի կառավարութեան միջեւ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը:

Ղազախստանի պաշտպանութեան նախարարը պիտի այցելէ նաեւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանի:

 

Share this Article
CATEGORIES